Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի մէջ Վարակակիրներու Գերակշիռ Մասը Թեթեւ Ընթացքով է, Միայն 1889-ը Հիւանդանոցն են

Հայաստանի մէջ Վարակակիրներու Գերակշիռ Մասը Թեթեւ Ընթացքով է, Միայն 1889-ը Հիւանդանոցն են

by MassisPost

«Քորոնա» ժահրի դէպքերուն թիւը կը շարունակէ աճիլ. երէկ՝ Յուլիս 20-ին, 1072 հետազօտութիւն կատարուած է, որմէ դրական եղած են 273-ը։ Ըստ երեւոյթին, ստուգուածներու 26 տոկոսին մօտ վարակը հաստատուած է։ Վերջին շաբթուայ ընթացքին, այս թիւը կը տատանի 26-27 տոկոսի միջեւ։ Վարակը Հայաստանի մէջ չէ շրջանցած 35254 հոգին:

COVID-19-էն տուեալ պահուն, Հայաստանի մէջ կը բուժուին 10171 մարդ: Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի վարակիչ հիւանդութիւններու բաժնի պետ Լիանա Թորոսեան «Ազատութեան» փոխանցեց, թէ հիւանդներէն միայն 1889-ը կը գտնուին հիւանդանոցներուն մէջ. – «Սա ի՞նչ է փաստում, որ գերակշիռ մասը թեթեւ ընթացքով են, որոնք որ գտնուում են առաջնային բժշկական օգնութեան հսկողութեան ներքոյ, եթէ տոկոսային յարաբերութեամբ էլ խօսենք, գրեթէ 10-15 տոկոսն է, որ ունի հիւանդանոցային պայմաններում բուժման կարիք: Մնացածն ինքնամէկուսացման պայմաններում են: Սա էլ է գոհացնող ցուցանիշ, բայց ինչ խօսք, մենք պէտք է ամէն գործիքակազմ, անձնակազմի ներուժ ուղղորդենք, որ կարողանանք այդ թուերը ժամանակ առ ժամանակ իջեցնել»:

Յուսադրող է, որ վերջին օրերուն շատցած է ապաքինուածներուն թիւը։ Երէկ բուժուած է 704 անձ։ Մտահոգիչը մահացածներու թիւն է։ Երէկ «Քորոնա» ժահրէն մահացած է 12 հոգի, ամենաերիտասարդը եղած է 63-ամեայ տղամարդ, ամենատարեցը՝ 94 տարեկան կին։ Բոլորը ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ ունեցած են։

Մէկ օրուայ մէջ նաեւ արձանագրուած է մահուան 6 դէպք, երբ վարակակիրներու մօտ հաստատուած է COVID-19-ը, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Փաստօրէն, Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրէն մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 662-ի, եւս 215 վարակակիր մահացած է այլ պատճառներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment