Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Էրտողան Ստորագրած Է Սուրբ Սոֆիան Մզկիթի Վերածելու Որոշումը

Էրտողան Ստորագրած Է Սուրբ Սոֆիան Մզկիթի Վերածելու Որոշումը

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ  Թայէպ Էրտողանը որոշում ստորագրած է, որմով Սուրբ Սոֆիան վերածուած է մզկիթի։ Կը սպասուէր, որ Էրտողան որոշումը պիտի հրապարակէ  Յուլիս 15-ին, սակայն կատարած է Յուլիս 10-ին, դատարանի որոշումէն անմիջապէս յետոյ։

Յիշեցնենք, որ Սուրբ Սոֆիա տաճարը, որ Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումէն յետոյ վերակառուցուած էր, որպէս մզկիթ, 1934 թուականին վերածուեցաւ թանգարանի եւ այդ կարգավիճակով էր մինչեւ օրս։

Թուրքիոյ իշխանութիւններու որոշումը մեծ դժգոհութիւն յառաջացուցած է աշխարհին մէջ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment