Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Վերջին Մէկ Օրուայ Ընթացքին Գրանցուած Է «Քորոնա» Ժահրի 557 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ Վերջին Մէկ Օրուայ Ընթացքին Գրանցուած Է «Քորոնա» Ժահրի 557 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին գրանցուած է «Քորոնա» ժահրի 557 նոր դէպք, հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 709-ով, գրանցուած է մահուան 11 նոր դէպք: Մահուան 7 դէպք ալ գրանցուած է, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով. հաղորդած է Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Առողջապահութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ՝ Ալինա Նիկողոսեան այսօր «Ազատութեան» որոշ մանրամասնութիւններ յայտնեց. թէ ընդհանուր դէպքերը հասած են 30903-ի, ընդհանուր առողջացածներու թիւը 18709 է եւ 546 մահուան դէպք:

Երէկ կատարուած է 2050 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 131216-ի:

Արցախի առողջապահութեան նախարարութենէն առաւօտեան ստացուած տեղեկութեան համաձայն, նախորդ օրուայ ընթացքին, Ստեփանակերտի եւ Մարտակերտի մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրի 4 նոր դէպք։ Միաժամանակ, «Քորոնա» ժահրով հիւանդ 3 քաղաքացի առողջացած է իսկ «Քորոնա» ժահրէն մահուան դէպք դեռ չէ գրանցուած։ Ընդհանուր առմամբ, հաստատուած դէպքերու քանակը 146 է, առողջացածները՝ 116 են, կը բուժուին 30 քաղաքացի: Երէկ կատարուած է 54 հետազօտութիւն, ընդհանուր առմամբ՝ 2522։

Նկատի առնելով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հետազօտուած անձերուն քանի տոկոսի մօտ «Քորոնա» ժահր յայտնաբերուած է, կը տեսնուի, որ Յուլիսին՝ Յունիսի համեմատ այդ թիւը կը շարունակուի նուազիլ։ Եթէ Յունիս ամսուն, իւրաքանչիւր օր հետազօտուողներու 30,2 տոկոսի մօտ «Քորոնա» ժահր յայտնաբերուած է, ապա Յուլիսի առաջին ինը օրերու տուեալներուն համաձայն՝ այդ թիւը կազմած է 27,5 տոկոս։

Ըստ համաճարակաբան Արման Պատալեանին, առկայ հետազօտութիւնը թոյլ չի տար յայտնաբերելու «Քորոնա» ժահրով վարակուած բոլոր մարդոց, ուստի վարակակիրներու իրական քանակը աւելի է՝ պաշտօնապէս ներկայացուածէն։

«Կայունացում միայն կարող ենք ասել վերջին մի քանի օրերի տեսանկիւնից, թէպէտ օրը վերջին ժամանակահատուածում 500-700 էր, հիմա կարծես թէ 500-ից 600-ի ինչ-որ տիրոյթում է: Բայց դա շատ յարաբերական է եւ չի բռնում իմ նախորդիւ ասածի հետ: Իրական հիւանդների թիւը մենք էս պահին կը դժուարանանք ասենք, նրանք հաստատ աւելի շատ են: Այստեղ ես մի դրական բան եմ տեսնում, որ յստակ ունենք հետազօտութիւնների թիւ, վերջին ժամանակահատուածում կայուն է թիւը: Որեւէ թուի կայունութիւնը միշտ ինչ-որ յենակէտային է, որպէսզի դու կարողանաս ինչ-որ եզրահանգումների գալ, թէպէտ ասում ենք՝ բաւական չի, բայց գոնէ կայուն է: Այդ կայունութեան ֆոնի վրայ, եթէ վերջին ժամանակահատուածում արդէն տեսնում ենք 500-ից 700-ը իջաւ 500-600-ի տիրոյթ, ուրեմն տեսնում ենք, որ էդ բարձր թուերի վրայ դեռ կայուն գնում է այդ ընթացը», – ըսաւ Պատալեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment