Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ-ը կը Նախատեսէ Այս Տարի Կայացնել «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան» Չորրորդ Համաշխարհային Համաժողովը

ՀՀ-ը կը Նախատեսէ Այս Տարի Կայացնել «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան» Չորրորդ Համաշխարհային Համաժողովը

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նախատեսէ այս տարի կայացնել «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» չորրորդ համաշխարհային համաժողովը։ «Արմէնփրես»-ի համաձայն` այս մասին, ապրիլ 21-ին հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի ընթացքին, ըսաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար՝ Զոհրապ Մնացականեան։

«Այս տարի նախատեսում ենք անցկացնել «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» չորրորդ համաշխարհային համաժողովը։ Սա արդէն մշտական հարթակ է` միջազգային հանրութեան փորձագիտական ներուժը համախմբելու ու աշխատելու, զարգացնելու այն գործիքակազմը, որը հնարաւորութիւն է տալիս ազգային ու միջազգային մակարդակներում իրականացնել այդ ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման գործընթացը»,- ըսաւ Մնացականեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment