Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Պաքուն Մտադիր է Մոսկուայէն Սու-35 եւ ՄիԿ-35 Ռազմական Օդանաւեր Գնել

Պաքուն Մտադիր է Մոսկուայէն Սու-35 եւ ՄիԿ-35 Ռազմական Օդանաւեր Գնել

by MassisPost

Պաքուն մտադիր է Ռուսաստանէն Սու-35 եւ ՄիԿ-35 ռազմական ինքնաթիռներ գնել: Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդումով, երկրի ռազմաօդային ուժերու փորձագէտները այդ նպատակով հանդիպած են ռուսական արտադրողներու եւ «Ռոսօբորոնէքսպորտ»-ի ներկայացուցիչներու հետ:

«Ռուսական կողմը Ատրպէյճանական պատուիրակութեան ներկայացուցած է ինքնաթիռներու ռազմական հնարաւորութիւնները, տեխնիկական մանրամասնութիւնները եւ պատրաստակամութիւն յայտնած ապահովելու անհրաժեշտ քանակի մատակարարումը», – ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Անցեալ տարի Հայաստան Ռուսաստանէն ներքին գիներով ձեռք բերած է Սու- 30ՍՄ բազմագործառնութեամբ կործանիչներ, որոնցմէ 4-ը արդէն համալրած են երկրի ռազմաօդային ուժերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment