Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մասիս Մայիլեան Կոչ Ըրաւ Չմասնակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի Ընտրութիւններու 2-րդ Փուլին

Մասիս Մայիլեան Կոչ Ըրաւ Չմասնակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի Ընտրութիւններու 2-րդ Փուլին

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլէն 9 օր առաջ, նախագահի թեկնածուներէն՝ Մասիս Մայիլեան ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ կոչ ըրած է արցախցիներուն չմասնակցելու 14 Ապրիլին կայանալիք ընտրութիւններուն, հաշուի առնելով «Քորոնայ» ժահրի տարածման վտանգը։

Արցախի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ընդգծած է, թէ 31 Մարտին կայացած համապետական ընտրութիւնները շատ հեռու էին նոր պայմաններու մէջ արցախեան հանրութեան ակնկալած ընտրական զարգացումներէն, եւ ինք պարզապէս ի գիտութիւն կ’ընդունի քուէարկութենէն յետոյ Արցախի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ) հրապարակած տուեալները։

Յիշեցնենք, որ Ղարաբաղի մէջ 31 Մարտին կայացած ընտրութիւններուն, նախագահի թեկնածուներէն ոչ մէկը յաջողեցաւ 50 + 1 տոկոս ձայն ստանալ, որու հետեւանքով ամենաշատ ձայներ ստացած նախկին վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանը եւ 2-րդ տեղ յայտնուած արտաքին գործոց նախարար՝ Մասիս Մայիլեանը պէտք է պայքարին երկրորդ փուլի համար։

Նկատել տանք, որ Արցախի ընտրական օրէնսգիրքի համաձայն, նախագահի թեկնածուն քուէարկութեան օրուընէ ոչ ուշ, քան 10 օր առաջ, դիմում ներկայացնելու պարագային միայն իրաւունք ունի հանելու իր թեկնածութիւնը:

Արցախի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ՝ Սրբուհի Արզումանեան «Ազատութեան» տեղեկացուց, որ սահմանուած ժամկէտներուն մէջ, Մասիս Մայիլեանէն դիմում չեն ստացած: Հետեւաբար 14 Ապրիլին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններու քուէաթերթիկին վրայ ընդգրկուած կ’ըլլայ նաեւ Մասիս Մայիլեանի անունը: 7 Ապրիլին կայանալիք նիստին, կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը կ’ամփոփէ առաջին փուլի վերջնական արդիւնքները, որմէ յետոյ կը սահմանուի նաեւ քուէաթերթիկի նմոյշը։

«Հաշուի առնելով ինքնաբացառկի դիմումների բացակայութիւնը՝ ներառուած կը լինեն առաւելագոյն ձայներ ստացած հանրապետութեան նախագահի երկու թեկնածուների տուեալները: Այս պարագայում՝ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Մասիս Մայիլեանի անունները», – ըսաւ Արզումանեան:

Նշենք, որ Մայիլեանը հեռախօսազանգերուն չի պատասխանէր եւ որեւէ մեկնաբանութիւն ստանալու հնարաւորութիւն չկայ։ Փոխարէնը, ամենաշատ ձայներ ստացած նախագահի թեկնածու Արայիկ Յարութիւնեան, «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ Մասիս Մայիլեանի որոշումը կը յարգէ, ինչ կը վերաբերի «Քորոնայ» ժահրին, անոր տարածման վտանգին մասին պէտք է յայտարարէ Արցախի գործադիր գրասենեակը։

«Ընդամէնը մի քանի օր է մնացել, եւ մենք պէտք է աւարտենք սահմանադրական մեր պահանջը եւ աւարտենք ընտրութիւնները», – ըսաւ Յարութիւնեան:

Այն հարցումին, թէ այսինքն իր կոչն է քաղաքացիներուն, երթալ եւ մասնակցիլ ընտրութիւններուն, Արայիկ Յարութիւնեան պատասխանեց. «ես դեռ կոչ չեմ արել, իրավիճակից ելնելով ես կոչ կ’անեմ, ես դեռ պատրաստ չեմ: Թող Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը յայտարարի արդիւնքները վերջնական, որից յետոյ ես էլ իմ կոչը կ’անեմ մեր հայրենակիցներին, եթէ չէ, ես որեւէ կոչ դեռ չունեմ անելու»:

«Ազատութեան» հարցումին, թէ այս պահուն այդպիսի վտանգ մը, որ կը ստիպէ նման յայտարարութիւն ընել չ՞ի տեսնում, Յարութիւնեան արձագանգեց. «ես տեղեակ չեմ, ես սովորական քաղաքացի եմ, ես առաջնորդուում եմ ինչ-որ գրուած է գործադիր գրասենեակի եւ կառավարութեան յայտարարութիւններով, ցուցումներով եւ այլն»:

Ղարաբաղի կառավարութիւնը, առ այս պահը, 14 Ապրիլին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններու 2-րդ փուլը յետաձգելու որոշում չունի: Տեղի պաշտօնեաները կը հաստատեն, որ վարակակիր Ղարաբաղի մէջ չկայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment