Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Լուսինէ Սահակեանի «Համշէնը Հայկական Ձեռագրերում» Հատորի Ներկայացումը Տեղի Ունեցաւ Ապրիլ Գրատունէն Ներս

Լուսինէ Սահակեանի «Համշէնը Հայկական Ձեռագրերում» Հատորի Ներկայացումը Տեղի Ունեցաւ Ապրիլ Գրատունէն Ներս

by MassisPost

Յունուար 9-ի երեկոյեան, Կլէնտէլի Ապրիլ գրատունէն ներս տեղի ունեցաւ Լուսինէ Սահակեանի «Համշէնը Հայկական Ձեռագրերում» Գրքի Ներկայացումը, գրասէր ունկնդիրներու ներկայութեան:

Երեկոյի բացման խօսք կատարելով հրատարակչատան տնօրէն Արնօ Երէցեան ներկայացուց օրուայ յայտագրին մասնակցողները: Առաջին հերթին հրաւիրուեցաւ քիմիական ճարտարագէտ եւ հասարակական գործիչ՝ Յարութ Պրոնոզեանը, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց հեղինակի կենսագրական գիծերը:

Գիրքը ներկայացուց բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Դոկտ. Հրաչ Մարտիրոսեան անդրադառնալով Լուսինէ Սահակեանի աշխատութեան կարեւորութեան ու պատմական արժէքին: Բանախօսի կարծիքով հեղինակը մեծ աշխատանք կատարած է, անձնապէս այցելելով ու տեղւոյն վրայ ուսումնասիրելով Համշէնի ժողովուրդի այսօրուայ իրավիճակը:

hamshen-2

Փրոֆ. Մարտիրոսեան նաեւ շեշտեց այն գիտական մօտեցումը, որ ցուցաբերած է հեղինակը, պատրաստելով նաեւ անձնանուններու ցուցակ, ինչ որ առիթ կու տայ ապագայ պրպտողներուն եւ պատմաբաներուն, առանց մեծ դժուարութեան օգտագործելու Լուսինէ Սահակեան հարուստ ուսումնասիրութեան բովանդակութիւնը եւ տեղեկութիւնները:

Հեղինակ Լուսին Սահակեան սահիկներու միջոցաւ ներկայացուց օրինակներ Համշէնի հայերէնով 15-էն 17-րդ դարերու ընթացքին գրուած ձեռագիր հատորներէն, որոնք ներկայիս կը գտնուին Երեւանի Մաշտոցի անուան մատենադարանի, Երուսաղէմի Պատրիարքարանի եւ Վենետիկի ու Վիէննայի Մխիթարեան միաբանութիւններու մատենադարաններէն ներս: Համշէնի բարբառը շատ մօտ եղած է Հայերէնին, ինչ որ անառարկելիօրէն կու գայ փաստելու որ Համշէնի ժողովուրդը եղած են Քրիստոնեայ հայեր, որոնք հետագային բռնի դարձած են կրօնափոխ եւ այժմ ընդհանրապէս կը մերժեն իրենց հայկական ինքնութիւնը:

hamshen-3

Հեղինակը նաեւ իր այցելութիւններու ընթացքին կատարած է նկարահանումներ, զանոնք վերածելով վաւերագրական ժապաւէնի:

Տիկին. Սահակեան նաեւ անդրադարձաւ վերջին շրջանի թրքական ազգայնական շրջանակներուն կողմէ իր դէմ սկսած արշաւին, որ իր վերջին այցելութեան ընթացքին վերածուած են սպառնալիքներու, մղելով զինք արագօրէն հեռանալու Թուրքիայէն:

Հարց ու պատասխանի ընթացքին Լուսինէ Սահակեան տեղեկացուց, որ մի քանի հարիւր հազար Համշէնահայեր կ՛ապրին ներկայիս Ռուսաստանի եւ Աբխազիոյ մէջ, որոնք կը պահեն իրենց կրօնքն ու լեզուն ու կառչած են իրենց արմատներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment