Ահաւասիկ նոր հրատարակուած գիրքի մը շատ հետաքրքրական վեռնագիրը։
Դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեանի հրատարակած իր 30-րդ այս գիրքը ինքնին գանձ մըն է հայ ընթերցողին համար ուր Դոկտ. Ահմարանեան կը փորձէ ցոյց տալ թէ ինչպէս Դրախտը Հայաստանի մէջ էր եւ Դրախտին օձն ալ Հայկական Վիշապն էր։ Աւելին, ան մանրամասնօրէն, յստակ եւ պարզ լեզուով կ՚ անդրադառնայ Ստեղծագործութեան, Արարատին (Լեռ), Նոյին, Որթատունկին, Ձիթենիին, թիւ 7 -ին եւ թէ ինչպէս «ԷՆ» Հայոց Էլոհիմն էր եւ այլ նիւթեր։
«Հայը Եւ Հայաստանը Աստուածաշունչին Մէջ» գիրքը պիտի ներկայացնէ՝ Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան, Աւագ Հովիւ՝ Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցիի, Փասատինա։ Այժմէական եւ խիստ կարեւոր գիրքի ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ՝ Ուրբաթ 20 Սեպտեմբեր 2019, երեկոյեան ժամը 7:30- ին, Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցիի Տէրեան սրահին մէջ, Փասատինա։
Հասցէ։ 339 S. Santa Anita Ave. Pasadena, Ca. 91107
Յիշենք նաեւ թէ գիրքի շնորհահանդէսէն ետք տեղի պիտի ունենայ գիրքի մակագրութիւն եւ հիւրասիրութիւն։