Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Չաւուշօղլու․ «Եթէ Հայաստանը կը Վստահի իր Ուժերուն, Թող Ընդունի Մեր Առաջարկը»

Չաւուշօղլու․ «Եթէ Հայաստանը կը Վստահի իր Ուժերուն, Թող Ընդունի Մեր Առաջարկը»

by MassisPost

«Եթէ Հայաստանը կը վստահի իր ուժերուն, թող ընդունի համատեղ աշխատանքային խումբ ստեղծելու մեր առաջարկը», – յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն ֆրանսացի պաշտօնակից Ժան-Իւ Լը Տրիանի հետ Անգարայի մէջ կայացած հանդիպումէն ետք համատեղ ասուլիսի ժամանակ։

Թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն առնչուող օրակարգային շարք մը հարցերու կարգին անդրադառնալով նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին Ֆրանսայի դիրքորոշման՝ Չաւուշօղլուն պնդած է, թէ «Ֆրանսայի որդեգրած  ամբոխավարական եւ քաղաքական մօտեցումը ոչ մէկ կերպ կը նպաստէ երկկողմ յարաբերութիւններուն»։

Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր հռչակելու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի որոշման առիթով Չաւուշօղլուն կրկնած է պաշտօնական Անգարայի այն տեսակէտը, թէ այդ որոշումը կը հակասէ Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանի եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռներուն։

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը հերթական անգամ յիշատակած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցը ուսումնասիրելու համար պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով ստեղծելու Անգարայի առաջարկը։ «Թող այդ յանձնաժողովին մէջ Ֆրանսան ըլլայ, Ռուսաստանը, ԱՄՆ-ը ըլլան։ Հայաստանը ուզած երկիրը կրնայ ներգրաւել։ Բանանք արխիւները», – յայտարարած է Չաւուշօղլուն՝ աւելցնելով, թէ Թուրքիան պատրաստ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment