Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ «Տխրունի» Ուսանողական-Երիտասարդական Միութեան Բողոքի Ցոյցը ԳԱԱ Շէնքի Մօտ

ՍԴՀԿ «Տխրունի» Ուսանողական-Երիտասարդական Միութեան Բողոքի Ցոյցը ԳԱԱ Շէնքի Մօտ

by MassisPost

Յունիս 12-ի առաւօտեան ՍԴՀԿ «Տխրունի» ուսանողական-երիտասարդական միութեան անդամները ժապաւէններով փակած էին Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) պատմութեան հիմնարկի գլխաւոր մուտքը, դուռերուն վրայ փակցուցած «Անաչառ դասագիրքեր», « Յուզումը տեղ չունի դասագիրքերուն մէջ», «Կեղծարարնե՛ր, դո՛ւրս ԳԱԱ-էն», «Դուք սպաներ էք ազգային պատմութիւնը»   բովանդակութեամբ պաստառներ:

Ըստ  «Սոցիալ Դեմոկրատ Քաղաքական դպրոց»-ի պատասխանատու Ռադիկ Կարապետեանի՝ պատմութեան դպրոցական դասագիրքերը ուսումնասիրելու ժամանակ յայտնաբերած են  քաղաքական նպատակներով կատարուած կեղծարարութիւններ։

Ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները կէտ առ կէտ ուղարկած էին  Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան, որ իր հերթին հարցում ուղարկած էր Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) պատմութեան հիմնարկին:

Այնուհետեւ, Ռադիկ Կարապետեանի խօսքով, հանդիպած էին հիմնարկի փրոֆեսորներու եւ պատմաբաններու հետ. հանդիպումը, սակայն,  դրական աւարտ չէր ունեցած, նոյնիսկ եղած էր անձնական վիրաւորանքներ:

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) պատմութեան հիմնարկի տնօրինութիւնը  հրատապ ասուլիս  հրաւիրած էր՝   տեղի ունեցած ցոյցէն ետք։

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) պատմութեան հիմնարկի  տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը պնդած է՝   ՍԴՀԿ   երիտասարդ անդամները  անհիմն կը մեղադրեն  զիրենք կեղծարարութեան  մէջ։   Ըստ անոր՝ երիտասարդները  կը ներկայացնեն նիւթեր, որոնց մէջ յղումներ եղած  են արդէն չօգտագործուող դասագիրքերէ։

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) պատմութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Գեղամ Յովհաննիսեանը եւս մասնակցած է  հանդիպման։  Գեղամ Յովհաննիսեանը  պատմած է, որ իրենց  հարց  ուղղած են, իսկ բողոքի ցոյցի մասնակիցները նեղուած են եւ հարցուցած են՝ ի՞նչ է՝ քննութեան կը կանչէք մեզ։

Պատմութեան հիմնարկի տնօրէնը անդրադարձած է նաեւ դասագիրքերու որակին, ըսած է՝ ժամանակին իրենց  համար  դժուար եղած է գրելը, քանի որ «խորհրդային տարիներին խեղաթիւրուած պատմութիւնը զրոյական վիճակից հասցրել են այնտեղ, որտեղ այսօր է»:

«Մենք կարողացանք այդքանը գրել,  մեզանից յետոյ եթէ երիտասարդ սերունդը կարող է աւելին գրել՝ թող գրի, բայց մենք հետամուտ ենք լինելու որ մեր գրածները չարտագրեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment