Ատրպէյճանը նախորդ տարի մօտ 300 միլիոն տոլարով աւելցուցած է պաշտպանական ոլորտի ծախսերը, խորհրդարանէն ներս յայտարարած է վարչապետ Նովրուզ Մամետովը՝ անցած տարուան պիւտճէի կատարողականը ներկայացնելու ժամանակ: Ըստ այդմ, 2018-ին Ատրպէյճանը ռազմական ոլորտին յատկացուցած է շուրջ 2 միլիառ տոլար:
«Զինուած ուժերը արդի զինամթերքով ապահովելու նպատակով ձեռք բերուած է «Փոլոնեզ», «Լորա» համակարգեր, հակապալիսթիք պաշտպանութեան միջոցներ», – յայտարարած է Մամետովը:
Ատրպէյճանի վարչապետի խօսքով, տեղական ընկերութիւնները անցած տարի շուրջ 150 հազար տոլարի պաշտպանական նշանակութեան արտադրանք տուած են, 70 հազար տոլարի ալ՝ արտահանած: