Home Uncategorized Հայաստանի Կողմէն Արտաքին Քաղաքական Արեւելումը Չփոխելը Գնահատելի է. Ռուս քաղաքագէտ

Հայաստանի Կողմէն Արտաքին Քաղաքական Արեւելումը Չփոխելը Գնահատելի է. Ռուս քաղաքագէտ

by MassisPost

Ռուսաստանի համար կարեւոր եւ գնահատելի է, որ յեղափոխութենէն ու իշխանափոխութենէն ետք Հայաստան իր արտաքին քաղաքական արեւելումը եւ ուղղութիւնը չէ փոխած «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ Հայաստանի մէջ Երեւան-Մոսկուա տեսակամուրջին նման տեսակէտ յայտնած է պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Ռուսաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի (ՌԳԱ) համաշխարհային տնտեսութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկի գլխաւոր գիտաշխատող, կովկասագէտներու գիտական միութեան նախագահ Ալեքսանդր Քռիլովը:

«Հայաստանի ներկայիս իշխանութիւնները, երբ եկան իշխանութեան, փոխեցին իրենց՝ արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը փոխելու մասին նախկին տեսակէտը: Այդ առարկայական է, քանի որ եթէ ելլենք Հայաստանի ազգային հետաքրքրութիւններէն, ապա կարելի չէ քաղաքական ուղղութիւնը տանիլ դէպի Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու խզման»,-ըսած է Քռիլով:

Անոր կարծիքով՝ Հայաստանն ու Ռուսաստանը հիմա կ՛անցնին նոր յարաբերութիւններու ձեւաւորման փուլ, քանի որ եկած են նոր ուժեր, փոխուած է առաջնորդներու սերունդը: Անոր խօսքով՝ հիմա չկայ, այսպէս ըսած, երկու իշխանութիւն: «Կայ խորհրդարան, որ կ՛աջակցի վարչապետին, եւ բարեփոխումներու ճանապարհ բացուած է: Թէ ինչպէս պիտի կազմակերպուին Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները, արդէն յայտարարուած է, արտաքին քաղաքականութեան մօտեցումը պիտի չփոխուի: Այդ մէկը շատ կարեւոր եւ գնահատելի է Ռուսաստանի համար»,-ըսած է Քռիլովը:

Ան նաեւ կարեւորած է, որ Հայաստանի մէջ փոխակերպումները յաջող ընթանան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment