Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փաշինեան Ոչ Պաշտօնական Հանդիպում Ունեցած Է Իլհամ Ալիեւի Հետ

Փաշինեան Ոչ Պաշտօնական Հանդիպում Ունեցած Է Իլհամ Ալիեւի Հետ

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տաւոսի մէջ, ուր տեղի կ՛ունենայ տարեկան տնտեսական միջազգային ժողովը, ոչ պաշտօնական հանդիպում ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Փաշինեան այդ մասին գրած է իր «ֆեյսպուքեան» էջին վրայ:

«Մտքեր փոխանակեցինք բանակցային գործընթացի ընթացիկ իրավիճակի եւ հետագայ քննարկումների մասին: Հանդիպումը տեւեց մօտ ժամուկէս», – մասնաւորապէս գրած է Փաշինեան:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Տաւոսի մէջ մեկնարկած Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի շրջանակէն ներս երկկողմ հանդիպումներ ունեցած է արտերկրի գործընկերներուն հետ: Վարչապետը նախ հանդիպած է «Միթսուպիշի Հեւի Ինտասթրիզ» ընկերութեան խորհուրդի անդամ Քրիսթինա Ահմաճեանին, ապա՝ Ճափոնի միջազգային համագործակցութեան գործակալութեան (JICA) նախագահ Շինիչի Քիթաոքային հետ:

Ճափոնական ընկերութիւններուն հետ քննարկուած են համագործակցութեան խորացման հնարաւորութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Վարչապետը կարճատեւ հանդիպումներ ունեցած է Պրազիլի նախագահ Ժաիր Բոլսոնարուի, Լիւքսեմպուրկի վարչապետ Քսավյէ Բեթելի եւ Եգիպտոսի վարչապետ Մուստաֆա Մաթպուլիի հետ:

Լիւքսեմպուրկի վարչապետ Քսավյէ Բեթելի հետ հանդիպման քննարկուած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր:

Եգիպտոսի վարչապետ Մուստաֆա Մաթպուլիի հետ հանդիպմանը քննարկուած են երկու երկրների միջեւ տնտեսական փոխգործակցութեան եւ գործարար կապերու խորացման վերաբերող հարցեր: Նիկոլ Փաշինեան եւ Եգիպտոսի վարչապետը կարեւոր նկատած են Եւրասիական Տնտեսական Միութեան եւ Եգիպտոսի միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագրի ստորագրումը: Մուստաֆա Մաթպուլի յայտնած է, որ այդ գծով կ՛ակնկալեն Հայաստանի կառավարութեան աջակցութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment