Այս տարի պիտի ստեղծուի ելեկտրական մեքենաներու լիցքաւորման կայաններու ցանց՝ 23 լիցքաւորման կայանով, որոնք հասանելի պիտի ըլլան Հայաստանի ողջ տարածքին:
Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է Յուլիս 1-էն ելեկտրական շարժիչով մեքենաներու եւ մոտոցիկլետներու ներկրումը Աւելացուած արժէքի հարկի (ԱԱՀ) վճարումէն ազատելու վերաբերեալ օրէնքի նախագիծին: Արտօնութիւնը պիտի գործէ մինչեւ Յուլիս 2022 թուական: