Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Քառօրեայ Պատերազմի Վերաբերեալ Կարդացեր եմ Գաղտնի Նիւթեր եւ Անոնց մէջ Չեմ Գտած Հետախուզական Տուեալներու Բացակայութիւն». Փաշինեան

«Քառօրեայ Պատերազմի Վերաբերեալ Կարդացեր եմ Գաղտնի Նիւթեր եւ Անոնց մէջ Չեմ Գտած Հետախուզական Տուեալներու Բացակայութիւն». Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի 17 Դեկտեմբերի որոշմամբ, Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի հետախուզութեան վարչութեան նախկին պետ Արշակ Կարապետեանը նշանակուած է վարչապետի խորհրդական:

2016-ի ապրիլեան պատերազմէն անմիջապէս ետք նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով Արշակ Կարապետեանը ազատուած էր գլխաւոր շտապի հետախուզութեան վարչութեան պետի պաշտօնէն՝ Ապրիլ 26-ին, շատերը անոր պատասխանատու համարած էին զոհերու ու նաեւ տարածքային կորուստներու համար։

«Նրանք, ովքեր ասում են, թէ Արշակ Կարապետեանն է քառօրեայ պատերազմի պատասխանատուն, նրանք ասում են, որ նրանից վերեւ ոչ մէկը պատասխանատու չէ», Դիլիջանի մէջ` «Ներուժ» ծրագրի բացումէն առաջ, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը։
«Ես քառօրեայ պատերազմի վերաբերեալ կարդացել եմ տասնեակ, եթէ ոչ հարիւրաւոր էջերով գաղտնի նիւթեր, եւ այդ նիւթերում ոչինչ չեմ գտել հետախուզական տուեալների բացակայութեան կամ պակասութեան մասին»,-ըսած է Փաշինեան։

Հարցին, թէ արդեօ՞ք սա կը նշանակէ, որ Կարապետեանը իր պարտականութիւնները ապրիլեան պատերազմի ժամանակ պատշաճ կատարած է, վարչապետի պաշտօնակատարը պատասխանած է, թէ գնահատականներ տալ չի կրնար՝ կրկնելով. – «Գաղտնի նիւթերին ծանօթանալով՝ այս պահի դրութեամբ չեմ գտել տուեալ, որ մենք ունեցել ենք հետախուզական տուեալների պակաս»:

Լրագրողների մէկ այլ հարցին, թէ արդեօ՞ք ապրիլեան պատերազմը պայմանաւորուած պատերազմ էր, ինչպէս կը պնդէին ոմանք, Փաշինեանը պատասխանած է, թէ այս ընթացքին բանաւոր եւ գրաւոր տեղեկութիւններ կը ստանան, որոնք դեռ ստուգման կարիք ունին:

«Ես գիտեմ, որ այդպիսի վարկած կայ, եղել է, այն լայնօրէն քննարկուել է, բայց մի բանում չկասկածէք՝ մեր բոլոր գործողութիւններն ուղղուած են լինելու մեզ համար կարեւոր ճշմարտութիւնները բացայայտելուն, եթէ նոյնիսկ դրանք առաջին հայեացքից կարող են հակառակ տպաւորութիւն թողնել», -ըսած է Փաշինեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment