Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն Կոչ Ըրած է Նիւթապէս Աջակցելու Պոլսահայ Դպրոցներուն

Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն Կոչ Ըրած է Նիւթապէս Աջակցելու Պոլսահայ Դպրոցներուն

by MassisPost

Թուրքիոյ մէջ գործող ընդդիմադիր քրտամէտ ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը թրքական իշխանութիւններուն կոչ ըրած է նիւթապէս աջակցելու պոլսահայ դպրոցներուն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, այս մասին Փայլան գրած է Ֆէյսպուքի իր էջին:

Փայլան կոչ է ըրած է յստակեցնելու հայերու եւ այլ փոքրամասնութիւններու դպրոցներու կարգավիճակը, քանի որ, հակառակ Լոզանի պայմանագրին, որմով Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններուն կը տրուի համայնքային դպրոցներ ունենալու իրաւունք, անոնց պաշտօնական կարգավիճակը յստակ չէ: Պետութիւնը կանոնակարգուած չաջակցիր այդ հաստատութիւններուն:

Փայլանը նշած է նաեւ, որ պէտք չէ խուսափիլ բազմալեզու կրթութեան փորձէն, որ կիրառուած  դեռ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին: Հայ պատգամաւորը նաեւ գրառման մէջ բերած է իր անձնական օրինակը: «Ես սկսած եմ հայերէնէն, բայց, ինչպէս կը տեսնէք, թրքերէն ալ կը խօսին, անգլերէնս ու սպաներէնս ալ բաւական լաւ վիճակի մէջ են»,- գրած է Փայլանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment