Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Զոհրապ Մնացականեանն ու Էլմար Մամետեարովը Պայմանաւորուած են «Յառաջիկային Շարունակել Հանդիպումները»

Զոհրապ Մնացականեանն ու Էլմար Մամետեարովը Պայմանաւորուած են «Յառաջիկային Շարունակել Հանդիպումները»

by MassisPost

Դեկտեմբեր 5-ին Միլանի մէջ ԵԱՀԿ նախարարներու խորհուրդի շրջանակէն ներս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած են համաձայնութիւններ, որոնք հրապարակուած են Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ, այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղտալեանը։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովը 18 Դեկտեմբերին անդրադառնալով իր եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի՝ Միլանի մէջ կայացած հանդիպման, յայտարարած է, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կրցած են առաջին անգամ որոշակի փոխըմբռնման գալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցի վերաբերեալ։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութեան՝ ընդգծելով, որ միլանեան հանդիպման ժամանակ Զոհրապ Մնացականեանն ու Էլմար Մամետեարովը պայմանաւորուած են «յառաջիկային շարունակել հանդիպումները»:

«Միլանում համանախագահների հետ հանդիպմանը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերի նախարարները ինչ-որ հաղորդագրութիւն են համաձայնեցրել եւ ասուել է, որ երկար ժամանակ չէր յաջողւում համաձայնեցնել։ Էդպիսի յայտարարութիւններ․․․ վերջին 25 տարում բազմաթիւ են եղել», – լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը։

Հարցին, թէ արդեօք նորութիւններ կան Ղարաբաղի հարցի վերաբերեալ, Փաշինեանը արձագանգած է․ – «Ոչ, նոր բան չկայ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment