Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վերաքննիչ Դատարանը Մերժած է Եուրի Խաչատուրովի Բողոքը

Վերաքննիչ Դատարանը Մերժած է Եուրի Խաչատուրովի Բողոքը

by MassisPost

Վերաքննիչ դատարանը մերժած է «Մարտի 1»-ի գործով մեղադրեալ, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի բողոքը՝ ուժի մէջ ձգելով առաջին ատեանի դատարանի որոշումը:

«Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ անոր պաշտպան Միհրան Պօղոսեանն ըսած է, որ Խաչատուրովին մեղադրանք առաջադրելէ ետք նախաքննական մարմինը միջնորդութիւն ներկայացուցած էր առաջին ատեանի դատարան՝ կալանաւորելու Խաչատուրովը: Բայց, ինչպէս փոխանցած է փաստաբանը, դատարանը գտած էր, որ չկան հիմնաւոր կասկածներ, որ Խաչատուրովն առնչութիւն ունի իրեն առաջադրուած մեղադրանքի հետ: Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, դատարանը հիմնաւոր համարած էր անոր կալանքի տակ առնելու միջնորդութիւնը, բայց եւ որոշած 5 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց անոր ազատ արձակել:

Փաստաբանի խօսքով՝ եթէ դատարանը կ’որոշէ, որ չկան մեղադրանքի վերաբերեալ հիմնաւոր կասկածներ, պէտք է մերժէ անոր կալանաւորելու միջնորդութիւնը, ոչ թէ կալանքը համարէ թոյլատրելի: Պօղոսեանն ըսած է, որ իրենք վերաքննիչի մօտ բողոքարկած էին այս հանգամանքը:

«Մարտի 1»-ի գործով մեղադրեալի փաստաբանն ըսած է՝ դեռ չէ ստացած վերաքննիչի որոշումը եւ այն ստանալէ ետք պիտի յստակեցնէ՝ բողոքարկե՞լ վճռաբեկ ատեան, թէ՞՝ ոչ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment