CNN-ի բացառիկ հետաքննութեան համաձայն՝ Իսրայէլը Իրանի դէմ պատերազմի ընթացքին գաղտնի տեղակայած է յատուկ ռազմական եւ հետախուզական ստորաբաժանումներ Ատրպէյճանի մէջ՝ Իրանի հիւսիսային սահմանին յարակից քանի մը դիրքերու մէջ, որոնցմէ ամենամօտը՝ իրանեան Թաւրիզ քաղաքէն ընդամէնը մօտ 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։
Տեղակայուած ուժերը, որոնց շարքին էին յատուկ նշանակութեան զօրքեր, ուղղաթիռային մարտական ստորաբաժանումներ եւ Մոսատի անձնակազմ, իրականացուցած են հետախուզութիւն, տրոնային գործողութիւններ եւ լսող սարքերու տեղադրում հիւսիսային Իրանի մէջ։ Ատրպէյճանի տարածքէն իրականացուած հիմնական գործողութիւններէն մէկը եղած է Մարտ 4-ին Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի հետախուզութեան յատուկ գործողութիւններու ստորաբաժանման ղեկավար Ռահման Մողատտամի սպանութիւնը։
Պատերազմի նախօրեակին, Յունուարի կէսերուն, Իսրայէլը արդէն սկսած էր նախնական գործողութիւններ Ատրպէյճան-Իրան սահմանին։ Թէեւ ԱՄՆ նախագահ Թրամփ կանգնեցուց Իսրայէլի նախատեսուած առաջին հարուածները, Իսրայէլը շարունակած է ինքնուրոյն գործել՝ տեղադրելով հետախուզական սարքաւորումներ։ Յունուարի վերջը Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարար Կիտէոն Սաարը այցելեց Պաքու եւ հանդիպեցաւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ։
Ատրպէյճանի հետ մէկտեղ Իսրայէլը գաղտնի ռազմական ենթակառուցուածք ստեղծած էր նաեւ Իրաքի մէջ (երկու կեդրոն՝ լոկիսթիկ աջակցութեան համար), ԱՄԷ-ի մէջ («Երկաթէ գմբէթ» հակաօդային համակարգ) եւ Սոմալիլենտի մէջ (երկարահեռ թռիչքներու կէտ)։ Այս ամէնը Իրանի հարաւային, արեւմտեան եւ հիւսիսային հարեւանութեամբ ապահոված է Իսրայէլի ռազմական ներկայութիւնը՝ հարիւրաւոր քիլոմեթրերով երկարաձգելով բանակին հասանելիութիւնը։
Ատրպէյճանը մերժած է CNN-ի տեղեկատուութիւնը հաստատել. Ատրպէյճանի դեսպանատունը յայտարարած է, որ «վճռականօրէն կը հերքէ» մեղադրանքները երրորդ երկիրներու դէմ Ատրպէյճանի տարածքը օգտագործելու վերաբերեալ։
CNN-ի յօդուածը կը յիշեցնէ, որ Ատրպէյճանը Իսրայէլին կ’ապահովէ քարիւղով, իսկ Իսրայէլը Պաքուին կը վաճառէ յառաջադէմ զինատեսակներ, որոնք կիրառուած են Հայաստանի դէմ 2016 եւ 2020 թուականներու Ղարաբաղեան պատերազմին։

