Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յունիսի 7-ին Կը Վճռուի Հայաստանի Ապագան

Յունիսի 7-ին Կը Վճռուի Հայաստանի Ապագան

by MassisPost

Յունիս 7-ին, Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւը կը մօտենայ իր աւարտին ու մի քանի օր ետք քաղաքացիները պիտի ուղղուին քուէատուփ վճռելու համար իրենց երկրի ապագան` առնուազն յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար:

Վերջին օրերուն, զգալիօրէն աւելցած է հետաքրքրութիւնը այս ընտրութիւններուն նկատմամբ, ոչ միայն Հայաստանէն ներս, այլ եւ անկէ դուրս: Միջազգային լրատուամիջոցները մօտէն կը հետեւին կովկասեան փոքր հանրապետութեան շուրջ տեղի ունեցող ընտրական զարգացումներուն` զանոնք ներկայացնելով որպէս Արեւմուտք-Ռուսաստան հակադրութեան մէկ նոր դրսեւորում:

Մոսկուան ու Պրիւքսէլը զիրար կը մեղադրեն Հայաստանի ներքին գործերուն խառնուելու եւ ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ ազդելու փորձ կատարելու մէջ: Պաշտօնական Երեւանը կը փորձէ շատ զգուշաւոր կերպով նաւարկել այս երկու կողմերուն միջեւ` արեւմուտքէն եկող զօրակցական յայտարարութիւններն ու քայլերը ընդունելով հանդերձ, հեռու կը մնայ Ռուսաստանի հետ բացայայտ առճակատումէ, նոյնիսկ այն պարագային, երբ հոնկէ կը հնչեն ամէնօրեայ զգուշացումներ ու սպառնալիքներ` Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի վարած մերձեցման քաղաքականութեան նկատմամբ: Վերջին օրերուն այդ զգուշացումները արդէն իսկ վերածուած են գործնական քայլերու` արգիլելով հայաստանեան շարք մը արտադրութիւններու մուտքը Ռուսաստանեան շուկայ:  Իշխանութիւնները յոյս ունին, որ այդ պատժամիջոցները կը կրեն ժամանակաւոր բնոյթ եւ պիտի մեղմանան կամ ամբողջութեամբ վերանան ընտրութիւններէն ետք:

Ներքին ճակատի վրայ պայքարը կը մնայ սուր` իշխող Քաղաքական Պայմանագիր կուսակցութեան  ու Ռուսաստանահայ միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանի ստեղծած «Ուժեղ Հայաստանի» միջեւ: Երկու ուժերն ալ ինքնավստահութիւն կը յայտնեն, որ ընտրութիւններուն յաղթանակը պիտի ըլլայ իրենցը: Առաջինի պարագային այդ վստահութիւնը կու գայ վերջին հինգ տարիներուն անոր ունեցած ձեռքբերումներէն, տնտեսական, ընկերային, արտաքին քաղաքականութեան ու բանակի արդիականացման եւ այլ բնագաւառներուն մէջ: Այդ նուաճումները,  առաւել, հանրային կարծիքի հարցախոյզերը մեծ տարբերութեամբ առաջատար դիրքի վրայ կը դնեն Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կուսակցութիւնը: Միւս կողմէ, Սամուէլ Կարապետեանի գլխաւորած ուժը ժողովուրդին կու տայ խոստումներ, որոնք հասարակութեան կողմէ կ’ընկալուին ոչ իրատեսական: Այս կուսակցութեան ստանալիք տոկոսները դժուար է կանխատեսել, նկատի ունենալով, որ հարցախոյզերու տուեալները խոստմնալից չեն իրենց համար: Կը մնայ կաշառքի գործօնը, որ լայնօրէն կ’օգտագործուի այս ուժին կողմէ: Իրաւապահ մարմիններու հրապարակած ձայնագրութիւնները ու այդ առթիւ կատարուող ձերբակալութիւնները, ազդու պիտի ըլլան արդեօ՞ք կանխելու լայն ծաւալի ընտրախախտումները, կը մնայ հարցական:

Եթէ ամփոփելու ըլլան քարոզարշաւի ամբողջ ընթացքը կը նկատենք, որ գլխաւոր դրական կողմը այն էր, որ ընտրութիւններուն մասնակից ուժերը կարողացան ազատօրէն շփուիլ ընտրողներուն հետ: Բոլոր 19  կուսակցութիւններուն համար հասանելի էին հեռատեսիլային եթերաժամերը եւ ընկերային հարթակները` իրենց ծրագիրները ներկայացնելու համար հասարակութեան: Թէեւ քարոզարշաւի դաշտը հաւասար չէր բոլորին համար ու առաջատար դիրքերու վրայ մնացին աւելի մեծ նիւթական միջոցներու տիրապետող ուժերը:  Միւս կողմէ սակայն, պարզուեցան ժխտական բազմաթիւ երեւոյթներ: Կաշառքը, փոխադարձ սպառնալիքները, հայհոյախառն ելոյթները ու զրպարտութիւնները եկան ստուերելու ժողովրդավարական ընտրութիւններու ակնկալիքները:

Այժմ, կը մնայ որ, Հայաստանը թեւակոխէ նոր հանգրուան, բոլոր կողմերը յարգեն ժողովուրդի մեծամասնութեան կամքը, փակեն պառակտուածութեան էջը, երկիրը հեռու մնայ անհարկի ցնցումներէ, որպէսզի կարողանայ ընթանալ զարգացման ու բարգաւաճման ուղղութեամբ ու դառնայ ընդհանուր հայութեան երազած հայրենիքը:

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment