Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ձերբակալուած Է Արմէն Աշոտեանը

Ձերբակալուած Է Արմէն Աշոտեանը

by MassisPost

Ձերբակալուած է ՀՀԿ անդամ, կրթութեան եւ գիտութեան նախկին նախարար Արմէն Աշոտեանը:

Վարոյթը կը վերաբերի 2009-2016 թուականներուն ինկած ժամանակահատուածին՝ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնը զբաղեցնելու հատուածին, Աշոտեանի մասնակցութեամբ Պրիւսովի համալսարանին պատկանող 208 միլիոն 908 հազար 500 դրամ արժէքով գոյքի ապօրինի օտարման եւ փողերու լուացման:

Յիշեցնենք՝ պաշտօնի լիազօրութիւնները չարաշահելու, անոր օժանդակութեան, խումբին կողմէ առանձնապէս խոշոր չափերով փողերու լուացման եւ անոնց օժանդակութեան համար ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի համապատասխան յօդուածներով քրէական հետապնդում յարուցուած է 7 անձի՝ 2009-2016-ին ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնը զբաղեցուցած Արմէն Աշոտեանի, ՀՀ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնները զբաղեցուցած Գագիկ Խաչատրեանի,  վերջինիս որդիին՝ «Երեւանի Վ. Պրիւսովի անուան պետական լեզուահասարակագիտական համալսարան» կազմակերպութեան նախկին փոխտնօրէն Արտիոմ Խաչատրեանի, կազմակերպութեան կառավարման խորհուրդի նախկին նախագահ Վիգէն Սարգսեանի, նոյն կազմակերպութեան նախկին տնօրէն Գայիանէ Գասպարեանի, նախկին փոխտնօրէն Արթուր Այվազեանի, ինչպէս նաեւ վերջիններուս հետ փոխկապակցուած Յարութիւն Թադեւոսյանի («Երեւան-մոլ»-ի նախկին սեփականատէր) նկատմամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment