Տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հեռախօսազրոյցը. յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի նաշխատակազմը։
Ըստ հաղորդագրութեան՝ հեռախօսազրոյցի ընթացքին վարչապետ Փաշինեան շնորհաւորած է նախագահ Էրտողանը Ղուրպան Պայրամի տօնին առիթով։ Քննարկուած են նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ տարածաշրջանային հարցեր։
Էրտողան յայտնած է, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կարգաւորումը կը շարունակուի՝ ուղիղ առեւտուրի մեկնարկի ուղղութեամբ քայլերով։ Ան ընդգծած է, որ Թուրքիան կը ձգտի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան եւ միշտ կ’աջակցի այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն։
ՀՀ կառավարութենէն տեղեկացուցած են, որ Հայաստանի վարչապետը Թուրքիոյ նախագահը շնորհաւորած է Ղուրպան Պայրամի առիթով։ Նախագահ Էրտողան վարչապետ Փաշինեանը շնորհաւորած է ծննդեան 51-րդ տարեդարձին առիթով։
«Զրուցակիցները մտքեր են փոխանակել նաեւ երկկողմ օրակարգի հարցերի վերաբերեալ եւ գոհունակութիւն յայտնել շփումների աշխուժացման առիթով։ Մասնաւորապէս, ընդգծուել է Թուրքիայի փոխնախագահ Ճեւտեթ Եըլմազի այցը Հայաստան՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովին մասնակցելու նպատակով, Թուրքիա-Հայաստան ուղիղ առեւտուրի ընթացակարգերը սահմանելու որոշումը եւ Ախալքալաք-Կարս երկաթուղիի բացումը Հայաստանէն արտահանումներ եւ Հայաստան ներմուծումներ իրականացնելու համար»,- ըսուած է հայկական կողմի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

