««Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի վերաբերեալ հռետորաբանութիւնը չի տեղաւորուիր խաղաղութեան օրակարգին մէջ, եւ այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ը մենք կը դիտարկենք որպէս ուղղակի սպառնալիք Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան»:
Յունիս 2-ին Հանրային հեռուստատեսութեամբ ընթացող նախընտրական բանավէճի ժամանակ այս մասին յայտնած է ՔՊ կուսակցութեան պատգամաւորի թեկնածու, ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը։ «Երկիրներու միջեւ դեռեւս կան չլուծուած հարցեր»,- ընդգծած է ան։
Արտաքին գործերու նախարարը քանի մը անգամ հերքած է Հայաստանի մէջ 300 հազար ատրպէյճանցիներու բնակեցման նախապատրաստման մասին պնդումները։ Ըստ անոր՝ միջազգային կազմակերպութիւնները Խորհրդային Հայաստանէն ԽՍՀՄ գոյութեան վերջին տարիներուն հեռացած ատրպէյճանցիները փախստականներ չեն ճանչցած:
«Երբ բարձրացնում են հայերի Ղարաբաղ վերադարձի հարցը, ճանապարհ են բացում նրա համար, որ հակառակ կողմից հայելային կապ առաջանայ»,- նկատած է Միրզոյեան։

