2026 թուականի Յունիս 5-ին ՀՀ Քննչական Կոմիտէին մէջ ստացուած առերեւոյթ յանցանքի մասին հաղորդման համաձայն՝ Շիրակի մարզի Կիւմրի համայնքի ղեկավար Վ. Ղ.-ն այլ անձերու հետ խումբի կազմին մէջ 2025 թուականի ընթացքին Հայաստանի մէջ տարբեր անձերու հետ հանդիպումներու եւ համակիրներու հաւաքագրման միջոցով առերեւոյթ կատարած է ՀՀ Սահմանադրութեամբ չնախատեսուած այլ եղանակներով ՀՀ իշխանութիւնը իւրացնելուն ուղղուած նախապատրաստական գործողութիւններ, սակայն իրենց կամքէն անկախ հանգամանքներու մէջ չեն կրցած սկսիլ դիտաւորութեան մէջ ընդգրկուած յանցանքի առարկայական կողմի կատարումը:
ՀՀ Քննչական Կոմիտէէն յայտնած են. «Հաղորդման կապակցութեամբ ՀՀ Քննչական Կոմիտէի պետութեան, սահմանադրական կարգի հիմունքների եւ հասարակական անվտանգութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնների քննութեան գլխաւոր վարչութիւնում ՀՀ Քրէական օրէնսգրքի 43-419-րդ յօդուածի 1-ին մասով (իշխանութիւնը իւրացնելու նախապատրաստութիւնը) նախաձեռնուել է քրէական վարոյթ: Քրէական վարոյթի շրջանակում միջոցներ են ձեռնարկւում առերեւոյթ յանցանքի մէջ ներգրաւուած բոլոր անձանց ինքնութիւնները, ինչպէս նաեւ յանցագործութեան կատարման մեխանիզմները պարզելու եւ անձանց արարքներին քրէաիրաւական գնահատական տալու ուղղութեամբ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

