«Ռուսաստանը դժգոհ է Հայաստանի հետ մեր փոխգործակցութենէն»։ Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօն գոնկրէսին մէջ լսումներու ժամանակ:
«Ռուսաստանը այնքան ալ գոհ չէ Հայաստանի հետ մեր փոխազդեցութիւններէն։ Կը կարծեմ՝ կան ապացոյցներ, որ անոն պիտի ուզէին տեսնել ներկայիս առաջնորդին պարտութիւնը ընտրութիւններուն, Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու զարգացման լոյսին տակ»,- ըսած է Ռուպիօ։
TRIPP-ը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի «խարիսխն» է, ըսած է Ռուպիօ: Անոր խօսքով՝ նախաձեռնութիւնը պարզապէս խարիսխ չէ, այլ իսկապէս յեղափոխական։
«Հետեւաբար մենք այժմ շատ աշխուժօրէն ներգրաւուած ենք այս աշխատանքին մէջ։ Մենք բառացիօրէն ստորագրած ենք համաձայնագիր, եւ սա թոյլ պիտի տայ ամերիկեան ընկերութիւններուն ներդրումներ կատարել մասնաւոր հատուածի, ամերիկեան շահերուն, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ տարածաշրջանային այլ երկիրներու շահերուն համար, եւ մենք յոյս ունինք, որ սա պիտի խթանէ մեզ»,- նշած է ան։

