ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Ֆինանսական Ընկերակցութեան (DFC) Տնօրէններու Խորհուրդը հաստատած է 2,5 միլիառ տոլարի նոր ռազմավարական ներդրումներու փաթեթ, որուն մէջ տեղ գտած է նաեւ TRIPP նախագիծը։ DFC-ն (International
Development Finance Corporation) ԱՄՆ կառավարութեան միջազգային ներդրումային ստորաբաժանումն է։
Հաստատուած փաթեթին մէջ, որ ուղղուած է տարածաշրջանային խաղաղութեան, ԱՄՆ մատակարարման շղթաներու ամրապնդման եւ տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման, ներառուած է նաեւ «Թրամփի ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) զարգացման ընկերութեան հիմնումը:
Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ այս նոր ձեռնարկութեան նպատակն է աջակցիլ առեւտուրին, փոխադրութեան եւ տնտեսական զարգացման՝ միաժամանակ ամրապնդելով միջազգային, միջպետական եւ ներպետական փոխադրութեան կապերը: Ըստ DFC-ի պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ նախագիծը կը հիմնուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հռչակագրի, ինչպէս նաեւ TRIPP շրջանակային համաձայնագրի ստորագրման վրայ։
Ներդրումները պիտի ուղղուին այնպիսի առանցքային ենթակառուցուածքներու զարգացման, ինչպիսիք են երկաթուղիները, մայրուղիները, խողովակաշարերն ու օփթիքամանրաթելային ցանցերը:
«Այս գործարքները կ’արտացոլեն DFC-ի ռազմավարութեան տեղաշարժը»,- յայտարարած է ընկերակցութեան գլխաւոր տնօրէն Պեն Պլեքը: Ան ընդգծած է, որ հաստատուած ներդրումները պիտի զարգացնեն ճակատագրական ենթակառուցուածքները հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ, պիտի մեծցնեն ԱՄՆ-ի հասանելիութիւնը կարեւոր հանքանիւթերուն եւ պիտի կառուցեն TRIPP առաջատար ընկերութիւնը՝ ի նպաստ խաղաղութեան: Պլեքի խօսքով՝ կառոյցը կը գործէ որպէս բարձրակարգ ֆինանսական հաստատութիւն, իսկ «ամերիկեան բարգաւաճումը կ’երաշխաւորէ ուժի, աճի եւ բարի կամքի նոր դարաշրջան ԱՄՆ գործընկերներուն համար»:

