Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան-Ատրպէյճան Հակամարտութիւնը Աւարտեցաւ Համաձայնագրով Մը, Որ Երէկ Ստորագրած Եմ․ Ռուպիօ

Հայաստան-Ատրպէյճան Հակամարտութիւնը Աւարտեցաւ Համաձայնագրով Մը, Որ Երէկ Ստորագրած Եմ․ Ռուպիօ

by MassisPost

Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւնը աւարտեցաւ համաձայնագրով մը, որ երէկ ստորագրած եմ։ Յունիս 3-ին այս մասին յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօն Ներկայացուցիչներու պալատի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովին մէջ՝ 2027 ֆինանսական տարուայ Պետական Քարտուղարութեան պիւտճէի
յայտի քննարկման ժամանակ։

«Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւնը աւարտեցաւ։ Այն ոչ միայն աւարտեցապ, այլեւ աւարտեցաւ համաձայնագրով մը, որ ես ստորագրած եմ երէկ՝ ստեղծելով բարգաւաճման նոր երթուղի՝ TRIPP երթուղին, որ արտասովոր հնարաւորութիւններ պիտի ընձեռէ երկու երկիրներուն ալ, յատկապէս Հայաստանին՝ յարգելով անոնց ինքնիշխանութիւնը, իրապէս օգտուիլ անկէ»,- ըսած է ԱՄՆ պետական քարտուղարը։

TRIPP-ը (Trump Route for International Peace and Prosperity) կամ «Թրամփի ուղին» հաղորդակցութեան հայեցակարգի նախագիծ է, որուն շուրջ համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի նախաձեռնութեամբ 2025-ի Օգոստոս 8-ին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ստորագրուած համատեղ հռչակագրով: Այն կը նախատեսէ Սիւնիքի տարածքով ճանապարհի, երկաթուղիի եւ այլ ենթակառուցուածքներու կառուցում, որ Ատրպէյճանի հիմնական մասը պիտի կապէ անոր արտագաւառ Նախիջեւանին հետ։

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու ԱՄՆ պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօն Յունիս 2-ին եւ Յունիս 4-ին հեռավար ստորագրած են «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագծի (TRIPP) վերաբերեալ ռազմավարական համագործակցութեան մասին շրջանակային
համաձայնագիրը։

համաձայնագիրը նախաստորագրուած էր Մայիս 26-ին, երբ Մարքօ Ռուպիօնb ժամանած էր Հայաստան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment