Նախագահ Բակօ Սահակեանը եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ քննարկած են պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան հետեւողական բարձրացման, Արցախի եւ Հայաստանի ռազմական փոխգործակցութեան եւ սահմաններուն վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերող հարցեր:
Ըստ Ղարաբաղի նախագահի պաշտօնական կայքէջին, հանդիպման մասնակցած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը, ՀՀ Զինեալ Ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Արտակ Դաւթեանը, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը: