Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուժերու Դասաւորումը Ընտրարշաւի Կէս Ճանապարհին

Ուժերու Դասաւորումը Ընտրարշաւի Կէս Ճանապարհին

by MassisPost

Հայաստանի նորագոյն պատմութեան ամենէն հետեւանքային ընտրութիւններու քարոզարշաւը կը մօտենայ իր վերջնական հանգրուանին, որուն աւարտին պիտի վճռուի երկրի ապագան` յաջորդ տասնամեակներուն համար: Պայքարը ոչ միայն կուսակցութիւններու միջեւ է, այլ` երկու տարբեր աշխարհաքաղաքական հայեացքներու: Մէկը կ’ուզէ վերադարձ նախկին քրէաօլիկարխիկ համակարգին ու Հայաստանի ճակատագիրը կապել«հիւսիսի դաշնակիցին՚, իսկ միւսը` բացուիլ արեւմուտքին ու ընթանալ բարեկեցութեան ու ժողովրդավարութեան ճանապարհով:

Քարոզարշաւի ընթացքին պարզուող  ուրուագծին վրայ հիմնուելով կարելի է ըսել, որ վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորած ուժը առաջ է միւս կուսակցութիւններէն եւ իշխանութեան վրայ մնալու անոր հաւանականութիւնը` բաւականին մեծ: Այդ ցոյց կու տան գետնի վրայ պարզուող երեւոյթները, հանրահաւաքներուն մասնակիցներու թիւն ու խանդավառութիւնը, ասոնց վրայ գումարած հանրային կարծիքի հարցումները, որոնք բոլորն ալ առաւելութիւնը կու տան Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան: Տակաւին հարցական կը մնայ անոր ապահովելիք տոկոսները, որոնք յայտնի պիտի դառնան միայն Յունիսի 7-ի ընտրութիւններու աւարտին:

Իշխող կուսակցութեան հիմնական թէզերը կը մնան խաղաղութիւնը, ժողովուրդի տնտեսական վիճակի բարելաւումը, ընդհանուր առողջապահութեան համակարգի գործարկումը, դպրոցներու, մանկապարտէզներու եւ ճանապարհներու կառուցումը կամ վերանորոգումը, կենսաթոշակներու բարձրացումը, ժողովրդավարութիւնն ու ազատութիւնները:

Ընտրութիւններուն մասնակցող երկրորդ մեծագոյն ուժը կը հանդիսանայ Ռուսաստանի քաղաքացի ու տնային կալանքի տակ գտնուող միլիառատէր` Սամուէլ Կարապետեանի ստեղծած «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը: Կը կարծուէր թէ այս ուժը պիտի կարողանայ իսկական մրցակից դառնալ իշխող ուժին, շնորհիւ անոր տրամադրութեան տակ եղող նիւթական հսկայ միջոցներուն եւ Ռուսաստանի կողմէ անոր վայելած աջակցութեան: Սակայն ընտրապայքարի ընթացքին ի յայտ կու գան շարք մը երեւոյթներ, որոնք կը վնասեն այդ ուժի վարկանիշին: Սամուէլ Կարապետեան երբ սկսաւ հրապարակային ելոյթներ ունենալ առանց արհեստական բանականութեան օգնութեան ու մօտէն շփուիլ լրագրողներու հետ, ի յայտ եկաւ, որ ան դժուարութիւններ ունի Հայերէն լեզուով արտայայտելու ու իր միտքերը յստակ բանաձեւելու ուղղութեամբ: Նաեւ պարզ դարձաւ, որ «Ուժեղ Հայաստան» մեծապէս կ’ապաւինի նիւթականով շահագրգռելու եւ ընտրակաշառքի օգտագործմամբ  ժողովրդականութիւն վայելող կուսակցութեան խաբկանք ստեղծելու վրայ:

Այս ուժը ժողովուրդին կը խոստանայ տնտեսական զարգացում, 300 հազար նոր աշխատատեղեր, Ռուսաստանի հետ կապերու բարելաւում, երկրի պաշտպանութեան ամրապնդում: Ան կը մեղադրէ իշխանութիւններուն, որ իբրեւ թէ կը պատրաստուին Հայաստան բերելու 300 հազար Ատրպէյճանցիներ:

Իշխանութեան ձգտող երրորդ ուժը կը հանդիսանայ Ռոբերդ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքը, որուն վարկանիշը օրըստօրէ կը նուազի: Այս ուժի նախկին կողմնակիցներէն ու քուէարկողներէն շատեր արդէն իսկ անցած են Սամուէլ Կարապետեանի կողմը, իսկ ինքը` Քոչարեանը խնդիրներ ունի իր անցեալին հետ, երբ անոր իշխանութեան օրօք տեղի ունեցան քաղաքական սպանութիւններ, փակուեցան անկախ լրատուամիջոցներ, կաշառակերութիւնն ու փտածութիւնը ստացան համակարգային բնոյթ ու երկրէն ներս տիրեց վախի մթնոլորտ: Քոչարեանի քարոզարշաւի հիմնական թէզը կ’ամփոփուի Փաշինեանը «թուրք, հողատու, դաւաճան՚  անուանելու մէջ, որ այլեւս աշխատող կարգախօս չէ Հայ ընտրողին մօտ:

Ներկայիս դրութեամբ, «Հայաստան» դաշինքի խորհրդարան մուտքը խիստ կասկածելի է նկատի առնելով, որ դաշինքներու պարագային հոն հասնելու համար պէտք է ապահովել ընտրողներու առնուազն 8 տոկոսի ձայները: Ընտրութիւններու աւարտին Հայաստանի ժողովուրդը կրնայ ականատես դառնալ Քոչարեանի քաղաքական կեանքի մայրամուտին:

Խորհրդարան մուտք գործելու յաւակնութիւն ունի նաեւ մեծահարուստ Գագիկ Ծառուկեանի գլխաւորած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը: Կը կարծուի, թէ 4 տոկոսի նուազագոյն շեմը յաղթահարելու եւ խորհրդարան մտնալու հաւանականութիւնը աւելի մեծ է այս ուժին համար:

Կարապետեան-Քոչարեան-Ծառուկեան կը ներկայացնեն ռուսամէտ ճակատը, որ պիտի փորձէ Փաշինեանը հեռացնել իշխանութենէն` ընտրութիւններէն ետք միանալով ու մեծամասնութիւն կազմելով: Իրենց նպատակին հասնելու համար այդ երեք ուժերն ալ բաւական մեծ տոկոսներով պէտք է ներկայացուած ըլլան նոր խորհրդարանէն ներս: Այսօրուան դրութեամբ այդ հաւանականութիւնը շատ ցած է:

Վերջապէս, ներքաղաքական կեանքին մօտէն հետեւողներու ուշադրութենէ չի վրիպիր այն պարագան, որ  ընտրարշաւի ջերմաստիճանը սպասուածէն աւելի բարձր է, ինչ որ ժխտական տպաւորութիւն կը ձգէ հասարակութեան մօտ: Երկուստեք  կը հնչեն իրար հասցէին  վիրաւորանքներ, ցեխարձակումներ ու սպառնալիքներ` վանելով շատ քաղաքացիներու, որոնք պիտի չուզաէին մասնակից դառնալ նման ժխտական գործընթացներու:

Կը յուսանք, որ այս ընտրութիւնները կÿանցնին առանց ցնցումներու ու  աւարտին քաղաքական դաշտը կը վերանորոգուի ու կը դառնայ աւելի առողջ ու հաւասարակշռուած` հեռու պառակտում սերմանող հռետորաբանութիւններէ ու երեւոյթներէ:

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment