Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Քաղաքական Ապագան Պէտք Է Որոշեն Միայն ՀՀ Քաղաքացիները. Պետական Քարտուղարութիւն

Հայաստանի Քաղաքական Ապագան Պէտք Է Որոշեն Միայն ՀՀ Քաղաքացիները. Պետական Քարտուղարութիւն

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները կը սատարէ «Հայաստանի ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ անկախութեան, ներառեալ Հայաստանի՝ իր արտաքին քաղաքականութիւնը եւ յարաբերութիւնները որոշելու իրաւունքը»,- «Ազատութեան» տուած բացառիկ մեկնաբանութեան մէջ նշած է ԱՄՆ Պետական քարտուղարութեան խոօսնակը։

Պատասխանելով Յունիս 7-ի ընտրութիւններուն արտաքին միջամտութեան մասին հաղորդումներու եւ ամերիկացի օրէնսդիրներու նախազգուշացումներու մասին «Ազատութեան» հարցումներուն՝ Պետական քարտուղարութիւնը շեշտած է՝ Հայաստանի քաղաքական ապագան պէտք է որոշեն միայն ՀՀ քաղաքացիները։

«Մենք տեղեակ ենք Հայաստանի քաղաքական գործընթացներուն արտաքին միջամտութեան վերաբերեալ լրատուամիջոցներու հաղորդումներու մասին։ Հայաստանի ժողովուրդը իրաւունք ունի ընտրելու իր ղեկավարութիւնը եւ կառուցելու իր ապագան»,- ըսած է Պետական քարտուղարութեան խօսնակը։

ԱՄՆ Արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը նաեւ ընդգծած է Երևանի ու Ուաշինկթընի միջեւ խորացող յարաբերութիւններու եւ TRIPP նախագիծին կարեւորութիւնը, որու շրջանակային համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ երէկ՝ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարին, օրեր առաջ ալ՝ ԱՄՆ պետական քարտուղարին կողմէ։ «Սրանով համաձայնագիրը պատրաստ է վաւերացման»,- ըսած էր Արարատ Միրզոյեանը։

«Ինչպէս ցոյց կու տայ պետական քարտուղարին վերջին այցը Երեւան, TRIPP-ը առանցքային եւ երկարաժամկէտ նշանակութիւն ունի Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում բերելու գործին»,- «Ազատութեան» փոխանցած է Պետական քարտուղարութեան խօսնակը։

Մինչ այդ՝ այս շաբաթ, պատասխանելով գոնգրէսականներու հարցումներուն Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ, պետական քարտուղարը ընդգծած էր Թրամփի վարչակազմին մտահոգութիւնը Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի գործողութիւններու հարցով։

«Ռուսերը այդքան ալ գոհ չեն մեր ներգրաւուածութենէն»,- ըսած էր Մարքօ Ռուպիօն՝ յաւելելով. «Կը կարծեմ՝ կան ապացոյցներ, որ անոնք (ռուսերը) պիտի ուզէին, որ ներկայիս վարչապետը պարտուէր ընտրութիւններոււ՝ ԱՄՆ-ի հետ աճող յարաբերութիւններուն պատճառով»։

Ընդգծելով, որ ԱՄՆ-Հայաստան յարաբերութիւնները այժմ հասած են աննախադէպ մակարդակի, Ռուպիօն միաժամանակ շեշտած էր՝ Ուաշինկթըն նպատակ ունի ոչ թէ Հայաստանը հեռացնել միւս գործընկերներէն, այլ աջակցիլ Երեւանին՝ անկախ արտաքին քաղաքականութիւն վարելու կարողութեան։

«Պարզ ըսած՝ մենք այնտեղ չենք՝ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը խախտելու համար: Մենք անոնց չենք խնդրեր, որ բարեկամ չըլլան այլ երկիրներու հետ: Մենք պարզապէս կ’ուզենք յարաբերութիւններ ունենալ անոնց հետ»,- ըսած էր ան։

Պետական քարտուղարին յայտարարութիւնները հնչած են վերջին շաբաթներուն հրապարակուող հաղորդումներու լոյսին տակ, որոնց համաձայն՝ արեւմտեան հետախուզական ծառայութիւններն ու պաշտօնեաները արձանագրած են՝ Ռուսաստանը կ’աշխուժացնէ ջանքերը՝ թոյլ չտալու Նիկոլ Փաշինեանի վերընտրութիւնը:

Մայիսի վերջը հրապարակուած «Reuters»-ի հետաքննութեան համաձայն՝ Մոսկուան մտավախութիւն ունի, որ Փաշինեանի յաղթանակը կրնայ ամրապնդել Արեւմուտքի հետ մերձենալու Հայաստանի ջանքերը, ինչ որ հետագային ա՛լ աւելի պիտի խաթարէ Ռուսաստանի ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ:

Յղում ընելով արեւմտեան հետախուզական ծառայութիւններու հինգ պաշտօնեաներու եւ փաստաթուղթերուի՝ «Reuters»-ը հաղորդած էր, որ ռուսական արշաւի շրջանակին փորձ կատարուած է ամրապնդել Քրեմլինի մօտ թեկնածուներուն դիրքերը, ինչպես նաեւ քննարկուած է Ռուսաստանի մէջ բնակող հայերը հայրենիք տեղափոխելու ծրագիրը՝ Փաշինեանի հակառակորդները ընտրելու համար:

Ըստ այդ հրապարակման, Ռուսաստանի իշխանութիւնները հաշուարկած են, որ 100 հազար ընտրողներ Հայաստան տեղափոխելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ
մօտ 50 միլիոն տոլար։ «Reuters»-ը միաժամանակ նշած էր, որ հնարաւորութիւն չէ ունեցած պարզելու՝ արդեօ՞ք այդ ծրագիրը իրագործուած է, եւ կամ արդեօ՞ք այն բաւարար պիտի ըլլայ առաջատարներու միջեւ եղած լայն տարբերութիւնը կրճատելու համար։

Արեւմտեան վերլուծաբանները «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ հարցազրոյցին ընդգծած են՝ կասկած չկայ, որ Ռուսաստանը Հայաստանի՝ Արեւմուտքի հետ խորացող կապերը կը դիտարկէ որպէս ռազմավարական մարտահրաւէր։

«Կան բազմաթիւ փաստաթղթաւորուած ապացոյցներ, որ ռուսական ապատեղեկատուական գործակալներն ու լրատուամիջոցները չափազանց աշխոյժ են հայկական ընտրութիւններու հարցով»,- ըսած է ամերիկեան RAND վերլուծական կեդրոնի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հետազօտող Մայքըլ Հիքարի Չեչիրան։ Միաժամանակ, փորձագէտը ընդգծած է, որ ռուսական այդ ջանքերը յաճախ սահմանափակ ազդեցութիւն կ’ունենան եւ հազիւ թէ կարենան արմատապէս փոխել ընտրութիւններուն արդիւնքը։

«Վերջին հարցախոյցերը ցոյց կու տան, որ Հայաստանի մէջ ներկայիս կառավարութեան կողմէ հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերուն նկատմամբ շարունակական վստահութիւն կայ, իսկ Ռուսաստանի նկատմամբ՝ շարունակական թերահաւատութիւն»,- ըսած է ան՝ փաստելով. «Սա ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի բնակչութիւնը աւելի քիչ կ’ենթարկուի Ռուսաստանի տեղեկատուական արշաւներուն»։

Ըստ RAND-ի փորձագէտին, Մոսկուայի երկարաժամկէտ նպատակն է կարծես ետ պահել Հայաստանը արեւմտեան հիմնարկներուն հետ մերձեցման փորձերէն։

«Ռուսաստանը, անկասկած, կը ձգտի Հայաստանը պահելու իր այսպէս կոչուած ազդեցութեան գօտիին մէջ, մասնաւորապէս՝ խափանելու Հայաստանի եւրոպական դաշինքները»,- ըսած է Չեչիրան։

Նոյն կարծիքին է նաեւ Ատլանտեան խորհուրդի Եւրասիոյ կեդրոնի փոխտնօրէն Էնտրու Տ’Անիերին։

«Ես այս պահուն Ռուսաստանի միջամտող ռազմավարութեան արդիւնաւէտութիւնը բարձր չեմ գնահատեր»,- «Ազատութիւն» ռատիոկայանին ըսած է Տ’Անիերին` միաժամանակ յաւելելով. «Միանգամայն ճիշդ է, որ Մոսկուան կ’ուզէ որ Փաշինեանը պարտուի եւ կը փորձէ անոր համար ամէն տեսակի հարկադրանք կիրառել Հայաստանի դէմ՝ տնտեսական, տեղեկատուական, դիւանագիտական եւ այլն»։

«ԱՄՆ-ն եւ ԵՄ-ն այժմ շատ բան կ’ընեն Հայաստանի բարգաւաճման, խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան նպաստելու համար»,- ըսած է Տ’Անիերին, -«Եւ հիմա հայերէն կախուած է, թէ ով կ’ընտրեն»։

Մինչ Հայաստանը կը պատրաստուի քուէարկութեան, Ուաշինկթընի ուղերձը կը մնայ յստակ. երկրի ապագան պէտք է որոշեն նոյնինքն իրենք՝ հայերը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment