Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաշտպանութեան Նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը «Քալաշնիկովի Նոր Նմուշներու Արտադրութիւնը Հայաստանի մէջ Աննախադէպ է»

Պաշտպանութեան Նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը «Քալաշնիկովի Նոր Նմուշներու Արտադրութիւնը Հայաստանի մէջ Աննախադէպ է»

by MassisPost

Հայաստանեան Royalsys Engineering ltd ընկերութիւնն ու «Քալաշնիկով» ընկերութիւնը ստորագրած են պայմանագիր, որուն համաձայն Հայաստանի մէջ պիտի հիմնուի Քալաշնիկովի նոր АК-12 եւ АК-1 նմուշներու արտադրութիւնը։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի ղեկավարած պատուիրակութիւնը երէկ Մոսկուայի մէջ մասնակցած է«ԱՐՄԻԱ-2018» միջազգային ռազմաթեխնիքական ցուցահանդէսին եւ «Ազգային անվտանգութեան շաբաթ» համաժողովին։

Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարը շարք մը հանդիպումներ ունեցած է ռուսական ռազմաթեխնիքական ոլորտի առանցքային ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ։

«Բնականաբար, Հայաստանի Հանրապետութիւնում հիմնուած ցանկացած ձեռնարկութիւն մեզ համար կարեւոր է, իսկ եթէ հաշուի առնենք, որ այս դէպքում խօսքը գնում է  «Քալաշնիկով» քոնցերնի վերջին նմուշների զէնքերի մասին, դա իհարկէ աննախադէպ է եւ շատ կարեւոր է մեզ համար։ Հաշուի առէք նաեւ այն հանգամանքը, որ, ըստ էութեան, առաջին անգամ է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնում մասնաւոր հայկական կազմակերպութիւնը եւ ռուսական պետական կազմակերպութիւնը, մասնաւոր փայաբաժնով որոշակի, կնքում են նման համաձայնագիր», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը։

«Քալաշնիկով» ընկերութեան 25 տոկոսը կը պատկանի պետութեան, 75 տոկոսը՝ մասնաւոր սեփականատէրերուն։ Սա ռուսական ռազմաթեխնիքական ոլորտի ամենայայտնի ընկերութիւնն է։

«Նախկինում նման բան չի եղել Հայաստանի Հանրապետութիւնում։ Սա շաբաթներ տեւած քննարկման արդիւնք է։ Իրականում մենք ռուսական ռազմարդիւնաբերութեան ձեռնարկութիւնների հետ՝ ե՛ւ պաշտպանողական զէնքերի, ե՛ւ  յարձակուողական, ե՛ւ յատկապէս  տեղափոխութեան միջոցների առումով շատ մեծ հետաքրքրութիւններ ունենք, որոնց ուղղութեամբ աշխատում ենք։ Պաշտպանութեան նախարարն, ըստ էութեան, այսօր հանդիպումներ ունեցաւ ռուսական ռազմաարդիւնաբերական ամենախոշոր հսկաների հետ եւ բոլորի հետ էլ կայ համագործակցութիւն, մենք ունենք հետաքրքրութիւններ այդ ուղղութիւններով, որի ուղղութեամբ, բնականաբար, աքթիւ աշխատում ենք», – ըսած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարի խօսնակը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment