Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքու Սպառնացած է Ձերբակալել Մերքէլի Պատուիրակութեան Անդամը․ Գայթակղութիւն Գերմանիոյ Վարչապետի Պաքու Այցէն Առաջ

Պաքու Սպառնացած է Ձերբակալել Մերքէլի Պատուիրակութեան Անդամը․ Գայթակղութիւն Գերմանիոյ Վարչապետի Պաքու Այցէն Առաջ

by MassisPost

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի մեկնարկուող հարաւկովկասեան եռօրեայ շրջագայութեան նախաշեմին Բաքուի եւ Պերլինի միջեւ դիւանագիտական  գայթակղութիւն ծագած է: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրաժարած է մուտքի արտօնագիր տալ վարչապետի պաշտօնական պատուիրակութեան անդամ, Մերքէլի կուսակից, «Պունտեսթակի» պատգամաւոր Ալպերթ Վայլըրին՝ պատճառաբանելով, թէ ան ժամանակին այցելած է Ղարաբաղ՝ առանց Պաքուի թոյլտուութեան:

«Վայլըրի անունն ընդգրկուած է Ատրպէյճանի համար անցանկալի անձանց ցուցակին մէջ, քանի որ ան ապօրինի այցելած է Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներ՝ 2014-16 թուականներուն»,- յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Հիքմէթ Հաճիեւը: Աւելին՝ գերմանական թերթերը գրած են, թէ Պաքուն սպառնացած է նաեւ ձերբակալել գերմանացի պատգամաւորը, եթէ վերջինս, այնուամենայնիւ, ժամանէ Ատրպէյճան:

«52-ամեայ Վայլըրը որեւէ մեղք չէ գործած, սակայն յայտնուած է ճգնաժամի կեդրոնին, որուն պատճառով վարչապետ Մերքէլը կրնար չեղարկել Ատրպէյճան այցը»,- գրած է գերմանական «Մաննհէիմըր Մորկըն»ը: Թերթերը գրած են, որ այս հարցի շուրջ Գերմանիոյ կառավարութիւնն օրեր շարունակ բանակցած է Ատրպէյճանի դեսպանին հետ, սակայն ապարդիւն: Ի վերջոյ, վարչապետի խօսնակը յայտարարած է, որ Մերքէլն, այդուամենայնիւ, պիտի մեկնի Ատրպէյճան, բայց միջադէպն անարձագանգ պիտի չմնայ:

«Անկելա Մերքէլն անպայման պիտի անդրադառնայ այս հարցին եւ պիտի ընդգծէ, որ նման դիրքորոշումը չի նպաստեր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ երկխօսութեան»,- ըսած է Գերմանիոյ կառավարութեան խօսնակ Շթեֆֆըն Զայպըրթը, աւելցնելով․ «Դաշնային կառավարութեան տեսանկիւնէն Ատրպէյճանի այդ դիրքորոշումը ափսոսանքի արժանի է»: Վերջինս տեղեկացուցած է նաեւ, որ վարչապետը որոշած է ուժի մէջ ձգել Պաքու կատարելիք այցը՝ Վայլըրի հետ խորհրդակցութիւններէն յետոյ միայն: Ինքը՝ Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակ»ին մէջ ընգրկուած գերմանացի պատգամաւորը «Ռոյթըրզին» պատմած է . «Մենք վարչապետի հետ քննարկեցինք եւ եկանք համաձայնութեան, որ պէտք չէ չեղարկել հանդիպումները, անհրաժեշտ է մնալ բաց երկխօսութեան մէջ՝ առկայ տարաձայնութիւնները քննարկելու համար: Բայց  վարչապետը խոստացաւ Պաքուի մէջ յստակօրէն քննադատել Իլհամ Ալիեւը՝ ինծի մուտքի արտօնագիր չտալու համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment