Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռոպերթ Քոչարեանի Քաղաքականութիւն Վերադարձը Բացառուած է

Ռոպերթ Քոչարեանի Քաղաքականութիւն Վերադարձը Բացառուած է

by MassisPost

Ռոպերթ Քոչարեանի քաղաքականութիւն վերադարձը այն սենարներէն է, որն ուղղակի չի կրնար ըլլալ,  այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Կառավարութեան ղեկավարը ներկայ եղած  էր Քանաքեռի մէջ գտնուող Հայ-չինական բարեկամութեան դպրոցի բացման:

«Դուք խօսում էք սցենարների մասին, որոնք ուղղակի չեն կարող լինել: Ինչո՞ւ էք ինձ հարցնում: Դուրս եկէք փողոց եւ մարդկանց հարցրէք: Ես չեմ այդ կապակցութեամբ որոշումներ կայացնողը: Այդ կապակցութեամբ որոշում կայացնողը ժողովուրդն է, եւ կարծում եմ, այդ հարցերը պէտք է ուղղէք ժողովրդին, չնայած չեմ կարծում, թէ այն, ինչ կը լսէք՝ արժանի կը լինի եթեր հեռարձակելու», – նշած է Փաշինեանը, արձագանգելով այն հարցին, թէ արդեօ՞ք իրեն կը մտահոգէ Քոչարեանի վերադարձը:

1998-2008 թուականներուն Հայաստանը ղեկավարած Ռոպերթ Քոչարեանը, որու օրօք՝ տասը տարի առաջ 2008 թուականի Մարտի 1-ին տեղի ունեցան ողբերգական իրադարձութիւններ, Երեւանի կեդրոնին մէջ սպաննուեցաւ տասը հոգի, եւ որուն մեղադրանք առաջադրուած է սահմանադրական կարգը տապալելու համար, մօտ մէկ շաբաթ առաջ «Երկիր Մետիա» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, թէ վերադարձած է քաղաքականութիւն:

Անցած Ուրբաթ օր Հանրապետութեան հրապարակի մէջ հրաւիրած բազմահազար հանրահաւաքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հանդէս եկած է նախաձեռնութեամբ՝ իրականացնել սահմանադրական փոփոխութիւններ, որպէսզի վարչապետի հրաժարականէն բացի՝ խորհրդարանը ցրելու այլ հնարաւորութիւն ալ ստեղծուի: Ըստ Փաշինեանի, պէտք չէ բացառել, որ իր հրաժարականէն ետք Ազգային ժողովին մէջ մեծամասնութիւն ունեցող Հանրապետականը կրնայ վարչապետ ընտրել մէկ ուրիշին՝ տապալելով խորհրդարանի լուծարումն ու արտահերթ ընտրութիւններու իրականացումը:

Հարցին, թէ տարբերակ կը տեսնէ՞, որ հանրապետականները վարչապետ ընտրեն Ռոպերթ Քոչարեանը․ – «Ես, անկեղծ ասած, տարբերակ չեմ տեսնում, եւ պարզապէս ցանկացայ ցոյց տալ, որ հարկաւոր է իրավիճակը գնահատել իրատեսական, ռէալ՝ աւելորդ բարդութիւններից խուսափելու համար»:

Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոեան տեւական լռութենէն ետք՝ երկու օր առաջ, հրապարակաւ խոր մտահոգութիւն յայտնած է երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակի կապակցութեամբ եւ խստօրէն քննադատած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ – «Երկրի հասարակական-քաղաքական բնականոն կեանքը, պետական իշխանութեան մարմիններու սահմանադրաիրաւական յարաբերութիւնները եւ հանրային համերաշխութիւնը վտանգուած են», – ըսած էր հանրապետական գործիչը՝ վարչապետի խօսքին մէջ նշմարելով Հայաստանի սահմանադրական կարգի, պետականութեան հիմքերու համար խիստ վտանգաւոր ուղերձներ եւ աւելցնելով, որ ստեղծուած իրավիճակը քննարկելու նպատակով կը նախատեսէ հանդիպումներ հանրապետութեան նախագահի, վարչապետի, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի եւ միջազգային դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Վարչապետ Փաշինեանն արձագանգած է․ – «Ոչ մէկին ճնշումների չեմ ենթարկում, ես բոլորին կոչ եմ անում ուղղակի հաշուի նստել ժողովրդի կարծիքի հետ»: Փաշինեանը շարունակած է՝ պիտի հանդիպի Ազգային ժողովի նախագահին, որպէսզի «որեւէ մէկի մօտ որեւէ յաւելեալ մտավախութիւն չլինի, բացի օրինականութիւնից»:

«Հակայեղափոխութեան ռիսք ընդհանրապէս չկայ: Մենք ասում ենք, որ պէտք չէ ժողովրդին դնել իրավիճակի մէջ, որ մենք նորից ստիպուած լինենք յեղափոխութիւն անել, կամ յեղափոխութեան յաջորդ փուլն անել։ Մենք առաջարկում ենք, եւ Հանրապետութեան հրապարակի անունից եմ առաջարկում, եւ կարծում եմ, որ բոլորդ էլ արձանագրել էք, որ տեղի է ունեցել երրորդ Հանրապետութեան պատմութեան ամենաբազմամարդ հանրահաւաքը, որը նոյնիսկ աւելի բազմամարդ է եղել, քան թաւշեայ յեղափոխութեան ամենաբազմամարդ հանրահաւաքը, մենք ուղղակի ասում ենք՝ պէտք չէ այսպէս փորձեր քաղաքական ինթրիկներով կասկածի տակ դնել այսօրուայ իրողութիւնները», – ըսած է վարչապետը՝ շարունակելով. – «Ես իշխանութեան չեմ, իշխանութեան ժողովուրդն է եւ ես չեմ ուզում, որ ժողովուրդը ոմանց ապացուցի, թէ ով է երկրում իշխանութիւն: Կարեւոր է արձանագրել նպատակը՝ ժողովրդի առաջ չդնել գայթակղութիւն ինչ֊որ բաներ ապացուցելու»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment