Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ճէյմս Ոուրլիք «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահները Քաղաքական Կամք Պէտք է Դրսեւորէն»

Ճէյմս Ոուրլիք «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահները Քաղաքական Կամք Պէտք է Դրսեւորէն»

by MassisPost

Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ոուրլիքը, որ աւելի քան երեք տարուան աշխատանքէն յետոյ այս տարեվերջին պիտի թողէ համանախագահի պաշտօնը, ատրպէյճանական ԱՊԱ գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին, ըսած է. «Այս պահին Մինսկի խմբի համանախագահներն ամէնից շատ կ’ուզէին, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները քաղաքական կամք դրսեւորէին եւ բանակցային գործընթացն առաջ տանելու յանձնառութիւն ստանձնէին»:

Ատրպէյճանական գործակալութիւնը Ուորլիքին հարց ուղղած է՝ արդեօ՞ք Հայաստանի նախագահի յայտարարութիւնները, թէ Ղարաբաղը կրնայ ըլլալ անկախ կամ մտնել Հայաստանի կազմի մէջ, չեն վկայէր, որ ապրիլեան պատերազմէն յետոյ բանակցային գործընթացը ձախողած է Հայաստանի մեղքով: Ամերիկացի համանախագահը, պատասխանած է. «Այդօրինակ յայտարարութիւնները ցոյց են տալիս խաղաղ բանակցութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը»:

Յստակ ժամկէտներ ու մանրամասներ չնշելով՝ ամերիկացի դիւանագէտը նաեւ վստահութիւն յայտնած է, որ միջնորդները կը յաջողին, ի վերջոյ, կեանքի կոչել ապրիլեան պատերազմէն յետոյ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը՝ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի առաքելութիւնները ընդարձակելու մասին:

«Մեր՝ միջնորդների խնդիրն է առաւել դիւրին դարձնել նախագահների միջեւ բանակցութիւնները, ինչը կարող է նպաստել հակամարտութեան կարգաւորմանը: Սակայն, վերջին հաշուով, առաջ գնալ-չգնալու հարցը կախուած է նախագահներից․ նրանք պէտք է ցանկանան կարգաւորում եւ աշխատեն միմիանց հետ այդ ուղղութեամբ: Դա է իրական պատկերը՝ անկախ այն հանգամանքից, թէ քանի միջնորդ կը լինի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբում եւ տարածաշրջանի քանի դերակատար կը մասնակցի ձեւաչափին»,- ըսած է ամերիկացի դիւանագէտը:

Ան նաեւ ընդգծած է՝ միջնորդական խումբը թողելու իր որոշումը որեւէ կապ չունի բանակցային գործընթացի կամ անոր անարդիւնաւէտութեան հետ: «Պատճառն անձնական է: Ես ամերիկացի դիւանագէտի յաջող քարիերա եմ արել եւ հիմա՝ 30 տարուայ ծառայութիւնից յետոյ մտադիր եմ աշխատել մասնաւոր սեքտորում»,- ըսած է Ճէյմս Ոուրլիքը, աւելցնելով. «Նոր, ժամանակաւոր համանախագահի անունը յայտնի կը դառնայ մօտ ապագայում»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment