Ամառնային Երեւանի փողոցները լեցուն են մարդոցմով, ինքնաշարժներու հոսքի արդիւնքով խցանումներ են, բայց չնայած այս պատկերին՝ երբեք ոչ ոք չի գուշակէր, թէ ինչ խնդրի բախած է Հայաստանը: Այս մասին ըսուած է յետխորհրդային երկիրներու ուղեղներու արտահոսքի մասին գերմանական «Deutsche Welle»-ի պատրաստած լրատուական տեղեկատուութեան ընթացքին:
Անոր մէջ նշուած է, որ Հայաստանի բնակչութիւնը շարունակաբար կը նուազի: Կը հեռանան անոնք, որոնց կարիքը Հայաստանը առանձնապէս ունի՝ կրթուած երիտասարդները: Անոնցմէ մէկն ալ տեղեկատուութեան 26 ամեայ հերոսուհի Անահիտն է, որ կը պատրաստուի Լեհաստան մեկնիլ՝ նախագիծի մը շուրջ աշխատելու: «Ես սիրում եմ իմ երկիրը, բայց մի շարք խնդիրներ կան, որոնց պատճառով չեմ ուզում մնալ»,- ըսած է ան:
Հետազօտական կեդրոնի մէջ աշխատող Անահիտի խօսքով՝ Հայաստանի մէջ իսկապէս դժուար է կեանքի ընթացքին որոշակի նպատակներու հասնիլ: «Ընկերներս հեռացել են. կէսը՝ Ռուսաստան, միւս կէսը՝ տարբեր երկրներ: Այստեղ բաւական միայնակ եմ զգում»,- նշած է ան:
Տեղեկատուութեան հեղինակները ընդգծած են, որ վերջին տարիներուն արտագաղթի ալիք նկատուած է, եւ երկիրը լքող հայերու թիւը կը շարունակէ աճիլ: