Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Եւրոպական Դատարանը 2 Վճիռ Կայացուցած է՝ Ընդդէմ Հայաստանի Կառավարութեան

Եւրոպական Դատարանը 2 Վճիռ Կայացուցած է՝ Ընդդէմ Հայաստանի Կառավարութեան

by MassisPost

2002-ին Լեռնային Ղարաբաղի ծառայութեան ժամանակ մահացած զինուոր Սուրէն Մուրատեանի գործով Եւրոպական դատարանը պարտաւորած է Հայաստանի կառավարութեան՝ Մուրատեաններուն յատկացնել 50 հազար եւրօ փոխհատուցում՝ փաստելով, որ իրաւասու մարմինները պատշաճ քննութիւն չեն իրականացուցած զինուորի մահուան համար մեղաւոր անձանց պատասխանատուութեան ենթարկելու համար։

Զինուորի հայրը՝ Հրաչ Մուրատեանը դիմած էր Եւրոպական դատարան՝ պնդելով, որ որդին ծառայութեան ժամանակ հիւանդացած է, եւ անոր պատճաշ բուժօգնութիւն չեն տրամադրած։ Եւրոպական դատարանը համարած է, որ խախտած է զինուորի կեանքի իրաւունքը։

Մէկ այլ վճիռով՝ «Մանուչարեանն ընդդէմ Հայաստանի կառավարութեան», Եւրոպական դատարանը ՀՀ կառավարութեան պարտաւորած է 2400 եւրօ յատկացնել։ Սպարտակ Մանուչարեանը 2009-ին մեղադրուած է Ալավերտիի բնակիչ Կարէն Սոխակեանի սպանութեամբ։ Եւրոպական դատարանը համարած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը խախտած է անոր արդար դատաքննութեան իրաւունքը։ Մանուչարեանը սկզբնապէս ինքնախոստովանական ցուցմունքներ տուած է, յետոյ հրաժարած անոնցմէ, պնդելով, թէ ինքը չէ սպանած Սոխակեանին, մինչդեռ՝ դատարանը իր պնդումները հաշուի չէ առած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment