Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրախորհրդարանը Քուէարկել է Թուրքիայի հետ Բանակցութիւններու Դադրեցման Բանաձեւ

Եւրախորհրդարանը Քուէարկել է Թուրքիայի հետ Բանակցութիւններու Դադրեցման Բանաձեւ

by MassisPost

Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները քուէներու 479 կողմ 37 դէմ յարաբերակցութեամբ հաստատուած բանաձեւով դիմած են Եւրամիութեան ղեկավար մարմնին` Եւրոպական յանձնաժողովին, ինչպէս նաեւ Եւրամիութեան անդամ բոլոր պետութիւններուն` կոչ ընելով ժամանակաւորապէս դադրեցնել անդամակցութեան բանակցութիւնները Թուրքիոյ հետ:

«Եւրոպական խորհրդարանը խստօրէն դատապարտում է այն անհամաչափ պատժիչ գործողութիւնները, որոնք յաջորդեցին յուլիսին տեղի ունեցած յեղաշրջման անյաջող փորձին: Դրա հետ մէկտեղ, Եւրոպական խորհրդարանի անդամները դէմ են Թուրքիայի հետ կապերի լիակատար խզմանը»`- նշուած է Եւրախորհրդարանի կողմէ ընդունուած բանաձեւին մէջ: Եւրամիութեան անդամ պետութիւններուն ղեկավարները Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններու սառեցման հարցը կը քննարկեն երեք շաբաթէն 15 դեկտեմբերին Պրուքսել մեկնարկող գագաթաժողովի ընթացքին:

Անգարայէն հնչող արձագանքները, ինչպէս եւ կ’ակնկալուէր, բաւական կոշտ էին: Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան նախքան Եւրախորհրդարանի կայացած քուէարկութիւնը յայտարարած էր, որ անկախ արդիւնքներէն, Թուրքիոյ համար որեւէ արժէք չի ներկայացնէր: Այս գերատեսչութեան նախկին ղեկավար՝ Էկեմէն Պաղիշը համոզուած է, որ Պրուքսելը Թուրքիոյ հանդէպ երկակի չափանիշներ կը կիրառէ: «Եւրամիութիւնն իր հնարաւոր ապագայ անդամին` Թուրքիային օգնելու փոխարէն որոշել է քննադատել` մեր երկրի կայունութեան ամրապնդմանն ուղղուած քայլերի համար: Դա ազնիւ մօտեցում չէ»,-պնդած է նախկին նախարարը

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment