Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Քաղբանտարկեալ Վոլոտիա Աւետիսեանը Բաց Նամակ Յղած է Վարչապետին

Քաղբանտարկեալ Վոլոտիա Աւետիսեանը Բաց Նամակ Յղած է Վարչապետին

by MassisPost

Բաց նամակ ՀՀ Վարչապետին

Մեծարգոյ պարոն Կ. Կարապետեան, նախեւառաջ, կը շնորհաւորենք Ձեզ ՀՀ վարչապետի բարձր եւ պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելու առթիւ եւ կը մաղթենք յաջողութիւններ Ձեր սկսած ազգանուէր գործունէութեան մէջ: Յարգելի պարոն վարչապետ, մենք՝ դատապարտեալներս, քաջ կը գիտակցինք, որ մեր երկրի առջեւ ծառացած բազմաթիւ ծանր մարտահրաւէրներուն դիմակայելը եւ անոնք ի շահ ազգի օգտագործելու գործընթացը շատ դժուար պիտի ըլլայ եւ մեծ ջանքեր ու ժամանակ կը պահանջէ:

Սակայն կը խնդրենք պահ մը ժամանակ գտնել եւ անդրադառնալ Հայաստանի դատաիրաւական համակարգին մէջ տեղ գտած արատաւոր երեւոյթի մը: ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 76-րդ յօդուածը կ′անտեսուի զայն կիրառողներու կողմէն: Կարծես թէ այդ յօդուածը ընդհանրապէս գոյութիւն չունի: Հարցը տարիներ շարունակ բարձրացուած է թէ հանրութեան, թէ հազարաւոր դատապարտեալներու կողմէն:

Սակայն պատասխան չէ տրուած: Տարիներ շարունակ  արդարադատութեան ամէն նախարար կը խոստանայ այդ հարցին շուտափոյթ լուծում տալ: Սակայն ինչ-որ բան կը  խանգարէ (ինչպէս կաշառակերութիւնը):

Քաղբանտարկեալ Վոլոտիա Աւետիսեան

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment