Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ IDeA Հիմնադրամի Յայտարարութիւնը «Մենք Պարտաւոր Ենք Օգնել Սուրիահայերուն»

IDeA Հիմնադրամի Յայտարարութիւնը «Մենք Պարտաւոր Ենք Օգնել Սուրիահայերուն»

by MassisPost

Ռուբէն Վարդանեանի հիմնադրած  IDea     հիմնադրամը այսօր յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է կապուած   հալէպահայերու    տարհանման եւ   քաղաքէն  ելլել փափաքողներու   Հայաստան  տեղաւորման  հարցով: Ստորեւ    ամբողջութեամբ կը հրապարակենք   նախաձեռնութեան     յայտարարութիւնը:

Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ (IDeA) հիմնադրամը յայտարարութիւն մը տարածած է սուրիահայերուն դրութեան շուրջ «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ (IDeA) հիմնադրամ»ը, հաւատարիմ ըլլալով Հայաստանի քաղաքացիներուն կեանքի բարենորոգմանը  եւ քաջատեղեակ  ըլլալով մեր  շուրջ  եղող  զարգացումներէն   կու գանք  յայտնել մեր յանձնառութիւնը կապուած  այսօր  աղէտալի պայմաններու տակ յայտնուած սուրիահայութեան:

Հետեւաբար   ու հետեւելով Սուրիոյ եւ, մասնաւորաբար, Հալէպ քաղաքին  մէջ շարունակուող բռնութիւններուն՝ պարտաւորութիւն կը զգանք  նիւթական  աջակցութիւն բերել սուրիահայ փախստականները Հայաստան տեղափոխելու առաջնահերթ եւ անյետաձգելի  գործին:  Այս  նպատակով մենք պատրաստ ենք միաւորելու մեր ջանքերը աշխարհի տարբեր կողմերուն մէջ  գործող այլ կազմակերպութիւններու եւ անհատներու հետ:   Այսօր է  գործելու պահը։  Խորագոյն ցաւ կը զգանք եւ  մտահոգ ենք  հակամարտութեան բովին մէջ  ինկածներուն  համար: Նոյնիսկ անոնք, որոնք  պատերազմական գործողութիւններու վերջին տարիներին հոն մնացած էին,  սկսած են  ապահով ապաստան փնտռելու: Մեր պարտաւորութիւնն է օգնել անոնց ու    հասնիլ բոլոր  միջոցներով:

Այս   առաջնահերթ  գործին  մեզի  միացած են   մի քանի մասնաւոր հիմնադրամներ եւ մենք կ’աշխատինք Հայաստանի կառավարութեան հետ՝ վստահ ըլլալու, որ  Հայաստան  եկողները  պետական անհրաժեշտ հիմնական աջակցութիւն  ստանալով  պիտի  կարողանան օրինական ապաստան  գտնել  հայրենիքի մէջ։

Ցեղասպանութեան յաջորդած տարիներուն հալէպահայերն էին, որ առաջինը ըլլալով՝ փրկութեան ձեռք մեկնեցին  տարագիր հայութեան։ Այսօր  անոնք   փրկութեան կարիքն ունին:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment