Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Քէրի` Տակաւին Պայմանները Չեն Ստեղծուած Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Կարգաւորման Համար

Քէրի` Տակաւին Պայմանները Չեն Ստեղծուած Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Կարգաւորման Համար

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը խոստովանեցաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի սառեցուած հակամարտութեան կարգաւորման, առայժմ, յստակ ճանապարհ չի տեսնէր: Այս մասին պետքարտուղար Ճօն Քերրին յայտարարեց՝ ելոյթ ունենալով Ասբէնի հիմնարկի եւ «Աթլանթիկ» պարբերականի կողմէն Ուաշինկթընի մէջ կատարուող ամէնամեայ համաժողովին:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան առաջնահերթութիւններուն նուիրուած իր ելոյթին Քերրին ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգները երբեք այնքան ներգրաւուած չէ եղած միջազգային քաղաքականութեան մէջ, որքան այսօր: Պետքարտուղարը նշեց, որ արտաքին յարաբերութիւններու մէջ ԱՄՆ-ը կը պաշտպանէ թէ՛ իր շահերը եւ թէ՛ ամերիկեան արժէքները: Այդ մասին, ան, մասնաւորապէս, խօսեցաւ՝ ներկայացնելով ԱՄՆ-ի դերը Սուրիոյ մէջ:

«Մենք շահագրգիռ ենք տարածաշրջանի կայունութեամբ, որովհետեւ մենք պէտք է պայքարինք ծայրայեղականութեան դէմ, որովհետեւ մենք պէտք չէ թոյլ տանք, որպէսզի այդ երկիրը փլուզուի ու բաժնուի կտորներու՝ բացասաբար ազդելով դրացի երկիրներու վրայ, անոնց կարգին են՝ մեր դաշնակից Իսրայէլը, Յորդանանը եւ Եգիպտոսը»,- պարզաբանեց Քէրի:

ԱՄՆ պետքարտուղարը անդրադարձաւ նաեւ Իրանի միջուկային ծրագրին, նշելով, որ Իրանը կայացուցած է հաշուենկատ որոշում՝ համաձայնելով հրաժարիլ միջուկային զէնք ստեղծելու գաղափարէն՝ պատժամիջոցները վերացնելու դիմաց.- «Ես կը կարծեմ՝ այդ ճիշդ որոշում էր, կարեւոր որոշում: Կարեւոր էր, որ մենք այստեղ տեսանք լուծման ճանապարհ եւ գացինք այդ ճանապարհով»:

Իրանական բանակցութիւններուն հակադրելով Ղարաբաղի հարցը՝ Քէրի նշեց, այստեղ յստակ լուծումներ դեռ չեն ուրուագծուած:

«Այսօր աշխարհի մէջ սառեցուած հակամարտութիւններ կան՝ օրինակ Լեռնային Ղարաբաղը, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ, որուն պարագային այս պահին յստակ լուծում չէ ուրուագծուած, որովհետեւ առաջնորդները պատրաստ չեն, որովհետեւ կողմերու մէջ առկայ է լարուածութիւն: Անոնք բարդ հակամարտութիւններ են, բայց լուծման ճանապարհ հնարաւոր է գտնել, եթէ մարդիկ որոշակի համալիր լուծումներ ընդունին: Ես կը կարծեմ, որ իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութիւնը նոյնպէս այդ կարգի մէջ կը մտնէ: Մարդիկ պէտք է պատրաստ ըլլան ընդունիլ որոշակի լուծումներ»,- նշեց պետքարտուղարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment