Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռիչըրտ Կիրակոսեան՝ Իսրայէլը Փոխարինած է Թուրքիան, Որպէս Պաքուի Ամենաշխուժ Ռազմական Հովանաւոր

Ռիչըրտ Կիրակոսեան՝ Իսրայէլը Փոխարինած է Թուրքիան, Որպէս Պաքուի Ամենաշխուժ Ռազմական Հովանաւոր

by MassisPost

Իսրայէլը փոխարինած է Թուրքիոյ, որպէս Պաքուի ամենաշխուժ ռազմական հովանաւոր: Այս մասին   ըսած է քաղաքագէտ, Տարածաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Ռիչըրտ Կիրակոսեանը՝ անդրադառնալով Ազրպէյճանի հետ համագործակցութենէն Իսրայէլի ակնկալիքներուն:

Անոր խօսքով Իսրայէլի ու Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները որոշակի ժամանակահատուածի մէջ խորացեր են ու զարգացեր երեք գործօններու հիման վրայ: «Նախ Իսրայէլը նաւթ կը ներմուծէ Ազրպէյճանէն ու Պաքուին, որպէս գնահատում իր զօրաւոր անվտանգութեան տարր: Երկրորդ, Իսրայէլը Ազրպէյճանին կը դիտարկէ, որպէս ռազմավարական հարթակ հետախուզական գործողութիւններու համար, որոնք ուղղուած են դրացի Իրանին, որուն  Իսրայէլը սպառնալիք կը համարէ իր անվտանգութեան:  Եւ երրորդ՝ Իսրայէլը գործընկերութիւն կը զարգացնէ Ազրպէյճանի հետ, որպէս շիեթ մուսուլմանական՝ թէպէտեւ պաշտօնական աշխարհիկ պետութեան հետ, ինչպէս ժամանակին՝ Շահի կառավարման օրով Իրանի հետ կը զարգացնէր»:,- նշած է Ռիչըրտ Կիրակոսեանը: Բայց այս տարածաշրջանի համար, աւելցուց ան, ազրպէյճանա-իսրայէլական յարաբերութիւններու լայն համատեքստը մտահոգող է, մանաւանդ հաշուի առնելով զէնքի վաճառքը Ազրպէյճանին:

Անդրադառնալով այն հարցին՝ արդեօք կարելի է խօսիլ երկու երկիրներու միջեւ «ռազմավարական դաշինքի» մասին՝ հաշուի առնելով Ազրպէյճանին իսրայէլական զէնքի վաճառքը, Ռիչըրտ Կիրոկոսեանը նկատեց «Փաստօրէն մենք պէտք է ակնկալենք, որ իսրայէլական զէնքի վաճառքը Ազրպէյճանին կը շարունակուի, մանաւանդ երբ Իսրայէլը փոխարինած է Թուրքիոյ որպէս Պաքուի ամենաշխուժ ռազմական հովանաւոր, չնայած դեռ կը զիջի Ռուսիոյ, որ Ազրպէյճանի համար զէնքի հիմնական մատակարարն է: Այդուհանդերձ, ոչ Ազրպէյճանը, ոչ Իսրայէլը չէին ցանկար ոչ մէկ «ռազմավարական դաշնակցութիւն»: Այդ ռազմավարական, բայց «գործառնութիւն» յարաբերութիւններ են՝ երկու կողմերու համար սահմանափակումներով:

Յիշեցնենք, որ այս տարուան հոկտեմբերին Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուն պաշտօնական այց կը ծրագրէ Ազրպէյճան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment