Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տողու Փերինչեքի Պատիժը Ջնջուած

Տողու Փերինչեքի Պատիժը Ջնջուած

by MassisPost

Թրքական Daily Sabah թերթի փոխանցմամբ՝ Զուիցերացի Գերագոյն դատարանը չեղարկած է նախապէս իր ընդունած որոշումը, որով թուրք քաղաքական գործիչ ու Թուրքիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ Տողու Փերինչեքը պատժուած էր՝ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման համար:

Դատարանի որոշումը վերատեսութեան ենթարկուած է անկէ ետք, երբ ՄԻԵԴ-ը թոյլատրած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը՝ վկայակոչելով խօսքի ազատութիւնը:

Զուիցերիոյ կառավարութիւնը եւ «Զուիցերիա-Հայաստան միութիւնը» որպէս փոխհատուցում Փերինչեքին պիտի վճարեն 2560 տոլար: Զուիցերիական դատարանը 2007 թուականին Փերինչեքին պատժած է անոր այն խօսքերուն համար, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը «մեծ կեղծիք» է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment