Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընտրական Օրէնսգրքի Շուրջ Նոր Համաձայնագիր

Ընտրական Օրէնսգրքի Շուրջ Նոր Համաձայնագիր

by MassisPost

Ընտրակեղծարարութեան հնարաւոր ծաւալները պիտի կրճատուին

Ընտրական օրէնսգրքի վերահսկման կառուցուածքներու շուրջ նոր համաձայնագիր նախաստորագրուած է: «Այսուհետեւ ընտրակեղծարարութեան հնարաւոր ծաւալները էապէս կը կրճատուին», – ըսաւ Հայ Ազգային Կոնկրէս (ՀԱԿ) խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրապեան, տեղեկացնելով, որ այսօր առաւօտեան Ազգային ժողովին ընդդիմութեան, իշխանութեան և քաղհասարակութեան որոշ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կայացած քննարկման ժամանակ նախաստորագրուած է՝ նոր Ընտրական օրէնսգրքին մէջ, ընտրական գործընթացի օրինականութեան վերահսկման կառուցուածքներու սահմանման շուրջ համաձայնագիր:

Զուրապեանի խօսքով, ներկայացուած փաստաթուղթին մէջ եղած են ընդդիմութեան բոլոր պահանջները, որոնց կարգին են՝ ընտրութիւններուն մասնակցած անձանց ստորագրուած ցուցակներու պաշտօնական հրապարակումը, ինչպէս նաեւ՝ ընտրական տեղամասերուն մէջ քուէարկութեան եւ քուէարկութեան արդիւնքներու ամփոփման ողջ գործընթացի տեսանկարահանումը՝ ցանցային կապով ապահովուած տեսախցիկներով եւ յատուկ ստեղծուած կայքի կամ կայքերու  միջոցով գործընթացի ուղիղ հեռարձակումը:

«Բոլոր հինգ խմբակցութիւնները, որոնք մասնակցած են այս գործընթացին, ստորագրած են իշխանութեան կողմէ ներկայացուած այն փաստաթուղթը, որպէս կատարուած մեր բոլոր պահանջները, եւ ես կը կարծեմ, որ այս մեծ նուաճում է, որ թոյլ կու տայ լրիւ փոխելու խաղին կանոնները, եւ մենք ժողովուրդին կոչ պիտի ուղղենք՝ աշխուժօրէն մասնակցելու ընտրութիւններուն, քանի որ այսուհետեւ ընտրակեղծարարութեան հնարաւոր ծաւալները էապէս պիտի կրճատուին»,- ըսաւ Զուրապեան։

Յիշեցնենք, որ յունիս 17-ին, Ընտրական օրէնսգրքի վերաբերեալ քաղաքական ուժերու միջեւ կնքուած համաձայնագիրը ձախողած էր, որմէ յետոյ ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրէսը յայտարարած էր, թէ՝ համաձայնագիրը չկատարելու եւ Ընտրական օրէնսգրքով սահմանուած ընտրական գործընթացի օրինականութեան վերահսկման կառուցուածքները չկիրառելու ողջ պատասխանատուութիւնը կ’իյնայ Հայաստանի իշխանութիւններուն  վրայ:

Նոր համաձայնագրի ստորագրումը ընդդիմադիր կուսակցութիւնը հնարաւոր համարած էր, միայն այն պարագային, եթէ «համաձայնութեան առարկայ դառնայ ընդդիմութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան վերջին տասներեք տարիներու գլխաւոր պահանջի անվերապահ կատարումը, այն է՝ ընտրութիւններուն մասնակցած անձանց ստորագրուած ցուցակներու պաշտօնական հրապարակումը»:

Քուէարկած ընտրացուցակներու հրապարակումը կ’ըլլայ անիմաստ, եթէ իրաւական յստակ ընթացակարգեր չի հետեւին», – կը կարծէ   քննարկման ներկայ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նաիրա Զօհրապեանը:

«Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին, ան յոյս յայտնեց, որ նախաստորագրուած փաստաթուղթը զանազան պատճառներով կրկին չի ձախողիր եւ կը քննարկուի խորհրդարանի աշնանային նստաշրջանի առաջին քառօրեակի ընթացքին:

ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրապեան, բաւականին վստահ է, թէ՝ նախաստորագրուած փաստաթուղթը երաշխիքներ կը ստեղծէ, որ իշխանութիւնները չի յաջողին նախորդ տարիներու ընտրութիւններու սենարով կէս միլիոնէն աւելի ձայն կեղծել:

«Հիմա տեսէ՛ք, եթէ դուք ձեր գրպանին մէջ միշտ ունիք կէս միլիոնէն աւելի ձայն, որ կրնաք, ցանկացած պահին, մտցնել հաշուարկի մէջ, այդ կը նշանակէ, որ իշխանութիւնը չի փոխուիր Հայաստանի ընտրութիւններու միջոցով։ Մենք, այս պահանջներուն կատարմամբ, կ’ոչնչացնենք ընտրակեղծարարութեան այդ հնարաւորութիւնը», – ըսաւ ընդդիմադիր պատգամաւորը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment