Թուրքիոյ հարաւային շրջանին մէջ գտնուող Հաթայ նահանգի Իսքենտերունի շրջանին մէջ կառուցուած «Քառասուն մանուկ» հայկական եկեղեցին կը վերանորոգուի։
Նշենք, որ եկեղեցին զգալի վնաս կրած էր 2023-ի Փետրուար 6-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած 7.6-7.7 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժին հետեւանքով։ Եկեղեցին կառուցուած է 1876-ին եւ ունի 150 տարուայ պատմութիւն։
«Քառասուն մանուկ» հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամի Տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Եուսուֆ Թապաշ յայտնած է, որ վերականգնման աշխատանքները պիտի իրականացուին պետության տրամադրած 5 միլիոն լիրայի (105 հազար տոլար) աջակցութեամբ: Երկրաշարժէն յետոյ վնասուած եւ աւերուած է խորանին հատուածը։
Թապաշ ընդգծած է, որ եկեղեցին այս շաբաթուայ վերջը ամբողջութեամբ փակ պիտի ըլլայ պատարագներու համար։ Վերականգնման ծիրին մէջ պիտի նորոգուի եկեղեցւոյ տանիքը, պիտի վերականգնուի յատակը, եւ պիտի լուծուի առկայ ջրահեռացման խնդիրը։ Պիտի վերակառուցուին խորանները, եւ անհրաժեշտ աշխատանքներ պիտի կատարուին վերանորոգման կարիք ունեցող պատերուն տեսքը վերականգնելու համար։
Բացի անկէ, պիտի վերականգնուին նաեւ եկեղեցւոյ կից կառոյցները, խանութները, որոնք կ’ապահովեն եկեղեցւոյ եկամուտի աղբիւրը։

