Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Զախարովան Փաշինեանի՝ ԵԱՏՄ-ի Զեկոյցին Մասին Արձագանքը «Շտապողական Եւ Յարձակողական» Որակած Է

Զախարովան Փաշինեանի՝ ԵԱՏՄ-ի Զեկոյցին Մասին Արձագանքը «Շտապողական Եւ Յարձակողական» Որակած Է

by MassisPost

«Շտապողական եւ նոյնիսկ յարձակողական»․ Ռուսաստանի ԱԳՆ խօսնակ Մարիա Զախարովա այսպէս որակած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի արձագանգը ԵԱՏՄ-ի վերաբերեալ զեկոյցին։

Անդրադառնալով փաստաթուղթին՝ Փաշիյեան զայն անուանած էր «երկրին մէջ ապակայունացում հրահրելու եւ անկախութենէն զրկելու երրորդ փորձը»։

Զախարովա ճեպազրոյցի մէջ նշած է, որ զեկոյցի պատրաստումը նորութիւն չէր։ Անոր խօսքով՝ այդ հարցով յանձնարարականը ներառող՝ Ռուսաստանի, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի եւ Ղրղզստանի նախագահներուն յայտարարութիւնը ընդունուած էր այս տարուայ Մայիսին։

Զախարովա անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի՝ Եւրոմիութեան անդամակցելու հեռանկարին։ Անոր պնդմամբ՝ Հայաստանի իշխող շրջանակները Ռուսաստանի ներկայացուցիչներուն հետ զրոյցներուն մէջ կ’ընդունին, որ ԵՄ-ին միանալու փորձերը հեռանկար չունին, սակայն հրապարակայնօրէն այդ մասին չեն խօսիր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment