«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը երկու ամիսով կալանաւորելու միջնորդութիւնը դատարանը բաւարարած է։ Փաստաբանները կը պնդեն՝ մեղադրանքը անհիմն է:
«Մեղադրանքից քարը քարին չի թողնուել, նման փուչ մեղադրանք դժուար է պատկերացնել նման գործով, եթէ նոյնիսկ պէտք է այս հետապնդումները կազմակերպէին, պէտք է աւելի լուրջ բան մտածէին, որովհետեւ այստեղ կարծում եմ, որ յանցագործութեան դէպք էլ չկայ: Աւելին՝ ոչ թէ առեւտրային վէճ է վերածւում է քրէաիրաւական գործընթացի, ես կարծում եմ, որ այստեղ առեւտրային վէճ էլ չկայ: Այստեղ պէտք է պարոն Ծառուկեանը ճանաչուէր որպէս տուժող»,- ըսաւ փաստաբան Էմին Խաչատրեանը:
Գագիկ Ծառուկեանը ձերբակալուեցաւ իր առանձնատան մօտ 12 ժամ տեւած խուզարկութենէն յետոյ, Ազգային Անվտանգութեան դիմակաւորուած աշխատակիցները Ծառուկեանը տարին նախ Քննչական Կոմիտէ՝ այստեղ անոր
մեղադրանք առաջադրուեցաւ խարդախութիւն կատարելու եւ փողերու լուացման յօդուածներով, յետոյ՝ ձեռնաշղթաներով տեղափոխեցին դատարան։
Քննչական Կոմիտէին փոխանցմամբ՝ Գագիկ Ծառուկեանը կազմակերպած եւ ղեկավարած է յանցաւոր խումբ, որ Իրան-Հայաստան լոկիսթիկ կապեր ստեղծելու պատրուակով, խաբէութեամբ ու փաստաթուղթեր կեղծելով, իրանեան ընկերութիւններէն յափշտակած է 52 միաւոր փոխադրամիջոց, տեխնիկա եւ ապրանքներ՝ պատճառելով շուրջ 22 միլիոն տոլարի վնաս։
Այնուհետեւ, ըստ նախաքննական մարմինին, Ծառուկեանը կազմակերպած է այդ յանցաւոր ճանապարհով ստացուած գոյքի եւ գումարներու լուացումը՝ զանոնք սեփական ընկերութիւններու օրինական շրջանառութեան միախառնելով։ Ինք՝ գործարարը, մեղադրանքը չ’ընդունիր՝ զայն որակելով կեղծիք։

