Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուսաստանը Հայաստանին Առաջարկ Ներկայացուցած Է Նոր Աթոմակայանի Կառուցման Վերաբերեալ

Ռուսաստանը Հայաստանին Առաջարկ Ներկայացուցած Է Նոր Աթոմակայանի Կառուցման Վերաբերեալ

by MassisPost

Ռուսաստանի Դաշնութիւնը  Հայաստանին առաջարկած է կառուցել մէկ կամ երկու պլոքով աթոմակաեան:

«Վեստի» լրատուական գործակալութեան այս մասին յայտնած է  «Ռոսատոմ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ալեքսէյ Լիխաչովը։

Ան ընդգծած է, որ այսօր Հայաստանին մէջ ելեկտրուժի 30 տոկոսը  աթոմային է, սակայն պահանջարկը կ’աճի, եւ ատիկա կրնայ յառաջիկայ տասնամեակներու ընթացքին յանգեցնել ելեկտրական հզօրութիւններու պակասի:

«Անոր պէտք է պատրաստ ըլլալ։ Եւ մեր պատասխանն է ունենալ մեծ կամ միջին հզօրութեան կայան, մէկ կամ երկու պլոք, որ պիտի բաւարարէ ուժանիւթի յառաջիկայ պակասը տասնամեակներ շարունակ: Եւ, ի հարկէ, մենք խորապէս համոզուած ենք, որ ինքնին միջուկային ուժանիւթի մասնագիտական ներուժի առկայութիւնը որակեալ տնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան նշան է»,- նշած է  Լիխաչով:

Ան յիշեցուցած է, որ հայկական աթոմային ելեկտրակայանի վերագործարկման հերթական փուլէն յետոյ կարելի եղած է կայանին հզօրութիւնները բարձրացնել մօտ 10 տոկոսով:

Յիշեցնենք, որ այս պահուն կ’ընթանան հայկական աթոմակայանի շահագործման ժամկէտը եւս 10 տարիով երկարաձգելու աշխատանքները, որմէ յետոյ Հայաստանը կը ծրագրէ նոր աթոմակայան կառուցել։ Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած է, որ նոր աթոմակայանը պէտք է ըլլայ մոտուլային, իսկ նման աթոմակայանի կառուցման շուրջ Երեւանը բանակցութիւններ կը վարէ 5 երկիրներու՝ Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի, Չինաստանի, Հարաւային Քորէայի հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment