Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ծառուկեանի Առանձնատունէն Առգրաւուած Են 3 Առիւծ, 1 Վագր, Տարբեր Կենդանիներու Եւ Թռչուններու 190 Հատ Խրտուիլակ

Ծառուկեանի Առանձնատունէն Առգրաւուած Են 3 Առիւծ, 1 Վագր, Տարբեր Կենդանիներու Եւ Թռչուններու 190 Հատ Խրտուիլակ

by MassisPost

ՀՀ Քննչական Կոմիտէի Կոտայքի մարզային քննչական վարչութեան մէջ վայրի կենդանի կամ թռչուն ապօրինի որսալու դէպքի առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին Գ.Ծ.-ին պատկանող առանձնատունէն առգրաւուած են տարբեր կենդանիներու եւ թռչուններու 190 հատ խրտուիլակ, ինչպէս նաեւ 3 առիւծ եւ 1 վագր, որոնք ճանչցուած են որպէս իրեղէն ապացոյց եւ տեղափոխուած կենդանաբանական այգի։

«Ապօրինի որսի հետեւանքով շրջակայ միջավայրին պատճառուած է 30 միլիոն ՀՀ դրամի վնաս:

«Գ.Ծ.-ի առանձնատանը պահուող միւս կենդանիները նախատեսւում է առգրաւուել եւ պատասխանատու պահպանութեանը յանձնել յաջորդող օրերին: Քրէական վարոյթի նախաքննութիւնը շարունակւում է»,- կ’ըսուի է ՔԿ հաղորդագրութեան մէջ:

Երեւանի քաղաքապետարանը աւելի վաղ յայտնած էր, որ քննչական գործողութիւններու ընթացքին Երեւանի քաղաքապետարանին առաջարկով մասնաւոր առանձնատան մէջ պահուող կենդանիները տեղափոխուած են Կենդանաբանական այգի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment