Պաշտպանութեան բանակը կը հերքէ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան պնդումը, թէ «ՊԲ ստորաբաժանումները Մայիս 11-ի լոյս 12-ի գիշերը կրակ բացած են Արցախի Մարտակերտի, Ասկերանի, Շուշիի եւ Քաշաթաղի շրջաններու բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ»:
Ստեփանակերտը Պաքուի հաղորդումը հերթական ապատեղակատուութիւն կ’որակէ:
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնած է, որ «Մայիս 11-ի լոյս 12-ի գիշեր» եւ այս պահի դրութեամբ «Պասարքեչարի շրջանի Զօդ (Գեղարքունիքի մարզի Սոթք) բնակավայրի ուղղութեամբ կը նկատուի յարաբերական անդորր»:
Միաժամանակ, Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը պնդած է, թէ վերջին մէկ օրուան ընթացքին հայկական զինուժը ականանետերէ եւ հրետանային զինատեսակներէ 17 անգամ գնդակոծած է ատրպէյճանական բանակի դիրքերը այլ` «Քելբաջարի, Լաչինի եւ Թովուզի շրջաններու քանի մը բնակավայրերու ուղղութիւններով»: