Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանական Կողմը Սոթքի Ուղղութեամբ ԱԹՍ Կիրառած է, Կայ Մէկ Զոհ եւ Երկու Վիրաւոր

Ատրպէյճանական Կողմը Սոթքի Ուղղութեամբ ԱԹՍ Կիրառած է, Կայ Մէկ Զոհ եւ Երկու Վիրաւոր

by MassisPost

Մայիս 12-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական կողմը Սոթքի ուղղութեամբ խախտած է զինադադարը` կիրառելով անօդաչու թռչող սարք, տեղեկացուցած է Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը:

Հայաստանի զինուած ուժերու մէկ զինւոր զոհուած է եւ երկու զինուորներ վիրաւորում ստացած են, մէկուն վիճակը կը գնահատուի բաւարար, միւսինը` ծանր:

Պաքուն իր հերթին հաղորդած է, որ Մայիս 11-ի լոյս 12-ի գիշերը սահմանի «Պասարքեչերի շրջանի Զօդի (Սոթք) ուղղութեամբ իրավիճակը յարաբերական հանգիստ եղած է», մեղադրելով Հայաստանը վերջին 24 ժամուան ընթացքին այլ ուղղութիւններով 17 անգամ ատրպէյճանական բանակի դիրքերը գնդակոծելու մէջ:

Սոթքի հատուածին մէջ իրադրութիւնը երէկուընէ լարուած է․ երէկ առաւօտեան Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ ժամը 6-էն Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները հրետանային եւ ականանետային կրակ բացած են Սոթքի դիրքերու ուղղութեամբ, հայկական զինուած ուժերը պատասխան գործողութիւններու ձեռնարկած են: Հայկական կողմը հաղորդած է իր չորս վիրաւորներու, ատրպէյճանական կողմը` մէկ զոհի եւ մէկ վիրաւորի մասին:

Ըստ Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան, երեկոյեան արձանագրուած են ատրպէյճանական կողմէ Սոթքի, Նորաբակի եւ Վերին Շորժայի ուղղութիւններով ականանետի եւ հրետանային միջոցի կիրառման դէպքեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment